Պոնտոսի Միակ Կանգուն Հայկական Վանքը Անմխիթար Վիճակի Մէջ է

Թուրքիոյ Պոնտոս (Տրապիզոն) նահանգի Օրթահիսար շրջանի Պոզթեփէ գաւառին մէջ գտնուող «Քայմաքլը» կամ Սուրբ Ամենափրկիչ պատմական հայկական վանական համալիրը յայտնուած է անմխիթար վիճակի մէջ: Անիկա Պոնտոսի ողջ տարածքին մինչեւ մեր օրեր հասած միակ հայկական վանքն է:
Կ´ենթադրուի, որ համալիրը կառուցուած է 15-րդ դարուն։ Որոշ աղբիւրներ կը վկայեն 1424թ․ կամ 1421թ․ կառուցուած ըլլալուն մասին։ Վանքի «Քայմաքլը» անուան հետ կապուած կայ երկու աւադազրոյց։ Առաջինին համաձայն՝ վանքի բակին մէջ «կաթնաղբիւր» կոչուող աղբիւր մը եղած է, որմէ կաթ հոսած է, այստեղէն ալ համալիրը կոչուած է «քայմաքլը» (թրքերէն «kaymak»՝ «կաթի սէր, սերուցք»)։ Այլ աւանդազրոյցի մը համաձայն՝ վանքի տարածքին նաեւ արտադրուած է կաթնամթերք, որ վաճառուած է նաեւ բնակչութեան եւ «քայմաքլը» անունը այդտեղէն սկիզբ առած է։ Վանքը նախապէս յայտնի եղած է նաեւ «Կանաչ վանք» անունով։
Իսկ վանական համալիրի «Սուրբ Ամենափրկիչ» անուան հետ կապուած կայ պատմութիւն մը, որուն համաձայն՝ վերանորոգման աշխատանքներուն ժամանակ գմբէթէն ինկած է բանուոր մը, սակայն ոչ մէկ վնասուածք ստանալուն պատճառով ալ վանքը կոչած են «Ամենափրկիչ»։
Մինչեւ 1915 Սուրբ Ամենափրկիչը եղած է Պոնտոսի եպիսկոպոսարանը, իսկ 1914-1918 ժամանակահատուածին՝ տեղի ունեցած հրդեհէն ետք՝ ձգուած է բախտի քմահաճոյքին:
Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ մեր օրերուն համալիրէն կանգուն մնացած է միայն եկեղեցին, ուր պատարագներ մատուցուած են։ Այսօր անիկա մաս կը կազմէ տեղի բնակիչներէն մէկուն մասնաւոր սեփականութեան։ Եկեղեցւոյ պատերուն այսօր ալ պահպանուած են աստուածաշնչեան թեմաներով որմնանկարներ, ինչպէս՝ «Վերջին դատաստանի տեսարանը»։ Անոնք ենթադրաբար պատրաստուած են 1500-1600-ական թուականներուն։ Համալիրի տարածքին կան նաեւ բազմաթիւ խաչքարեր։
Թուրքիոյ Սեւծովեան ճարտարագիտական համալսարանի դասախօս Իսմայիլ Քէոսէն կը վկայէ, որ այս տարածաշրջանին մէջ եղած են 100-200 հայկական եկեղեցիներ ու վանական համալիրներ, որոնցմէ մեծ մասին տարածքները այսօր բնակչութեան մասնաւոր սեփականութիւնն դարձած են։ Անոր կարծիքով՝ կարիք կայ այս բոլոր վանքապատկան տարածքները պետականացնելու եւ եկեղեցիներ վերակառուցելու, որուն համար անհրաժեշտ են լուրջ եւ լայնածաւալ աշխատանքներ։