Աստուածաշունչը Թարգմանուած է Աշխարհի Հազարերորդ Լեզուով

Աստուածաշունչի թարգմանութիւնը աշխարհի հազարերորդ լեզուով տօնած են Հարաւային Սուտանի մէջ, ուր կ՛ապրի Քելիքօ ժողովուրդը:
Այդ մասին յայտնած Է Сhristian Post ամերիկեան հրատարակութիւնը:
«Քելիքոյի լեզուով Նոր Կտակարանի օծման արարողութիւնը տեղի ունեցած է փախստականներու Պիտի-պիտի ճամբարին մէջ, որ փախստականներու` աշխարհի մէջ մեծութեամբ երկրորդ ճամբարն Է, ուր այսօր կ՛ապրի աւելի քան քառորդ միլիոն մարդ: Այս խորունկ հաւատքի տէր մարդոց համար ալ կատարուած Է թարգմանութիւնը»,-հրատարակութեան յայտնած Է «Wycliffe Bible Translators» կազմակերպութեան ամերիկեան բաժանմունքի տնօրէն Ռաս Հարսման:
Միեւնոյն ժամանակ ան նշած Է, որ այն հազար լեզուները, որոնցմով Աստուածաշունչը արդէն թարգմանուած Է, կը կազմեն աշխարհի բոլոր լեզուներու միայն տասներորդ մասը:
Հարսմանի խօսքով` այսօրուան դրութեամբ կը շարունակուին Աստուածաշունչի թարգմանութիւնները եւս 2500 լեզուներով, եւ անոնցմէ շատերը կը մօտենան աւարտին, բայց կը մնայ եւս մօտաւորապէս 1600 լեզու, որոնցմով թարգմանութիւնը նոյնիսկ դեռ չէ սկսած: Աշխարհի բոլոր լեզուներով Սուրբ գիրքի թարգմանութիւնը կը ծրանգրեն իրականացնել մինչեւ 2025 թուականը, հաղորդած Է «Ինթըրֆաքս»-ը: