Ֆինլանտայի Մէջ Նշուեցաւ Երեւանի Հիմնադրման 2800-ամեակը

Հոկտեմբեր 3-ին Հելսինքիի մէջ կրկին տօն էր: Առիթը` Երեւանի 2800-ամեակն էր: Ձեռնարկը հիանալի կատարուեցաւ: Նախ` Ֆինլանտա-Հայաստան միութեան փոխնախագահ Մարինա Դանոյեան հանդէս եկաւ Շառլ Ազնաւուրին նուիրուած խօսքով, որմէ յետոյ ներկաները լռութեամբ լսեցին Ազնաւուրի «La Bohռme» երգը: Պահը անասելի յուզիչ էր ու խորհրդաւոր:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէ Ֆինլանտա-Հայաստան միութեան վարչութեան անդամ Ասիա Ղազարեան, շարունակութիւնը միութեան նախագահ Աբգար Մարգարեանինն էր, որ ջերմ ողջունեց համայնքի անդամներն ու հիւրերը, ներկայացուց ձեռնարկի ծրագիրը, հակիրճ` Երեւանի պատմութիւնը եւ բոլորին լաւ երեկոյ մաղթելէ յետոյ` խօսքը փոխանցեց ֆիննական խորհրդարանին մէջ հայկական բարեկամութեան խումբի ղեկավար, ֆինլանտացի պատգամաւոր Եուհօ Էէրոլային, որ բարձր գնահատեց Ֆինլանտայի եւ Հայաստանի միջեւ կապերը եւ յոյս յայտնեց, որ այդ համագործութիւնը երթալով կը զարգանայ:
Պաշտօնական ուղերձներէն անմիջապէս յետոյ սկսաւ ձեռնարկի երաժշտական մասը: Էսթոնիայէն ժամանած «Շաբաթ» քառեակը` կոմիտասեան եւ ժողովրդական երգերու ճազային մշակումներով ապահովեցին գողտրիկ ու ջերմ մթնոլորտ` ձեռնարկին ողջ ընթացքին:
Ձեռնարկի սրահին մէջ ներկայացուած էին Երեւանի անցեալն ու ներկան պատկերող լուսանկարներ: Ներկաները հնարաւորութիւն ունեցան հիւրասիրութեան ընթացքին, նաեւ շփումներու ժամանակ, դիտել ցուցահանդէսը:
Տէ, իսկ ինչ ձեռնարկ առանց աւանդական խորովածի: Հիւրերը առիթ ունեցան վայելելու ֆիննական անձրեւի տակ պատրաստուած հայկական հրաշալի խորովածը: Հիւրերուն նաեւ հիւրասիրեցին հայկական արտադրութեան հիւթեր, գինի եւ այլ ըմպելիքներ, որոնք ներմուծուած են Ֆինլանտա «Բիզնես Արմէնիա»- ի ներկայացուցիչի աջակցութեամբ:
Ձեռնարկը ունեցաւ նաեւ փոքրիկ գրական հատուած: Ֆիննական «Քիւ» թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար Հիւդէ Հիւտին միութեան փոխնախագահ Մարինա Դանոյեանի հետ միասին ներկայացուցին մէկ ֆիննական բանաստեղծութիւն եւ անոր հայերէն թարգմանութիւնը: Սա փոքրիկ հատուած էր նախագիծի մը, որ կ´իրականցուի հայ եւ ֆին գրականութեան սիրահարներու մասնակցութեամբ: Նախագիծի ծիրէն ներս պիտի թարգմանուին եւ նոյեմբերի վերջը Հելսինքիի մէջ պիտի ներկայացուին հայ եւ ֆինլանտացի գրողներու քանի մը ստեղծագործութիւններ:
Ձեռնարկին ամենամտերմիկ պահը համայնքի անդամներուն կողմէ «Երեւանը մենք ենք» երգի կատարումն էր, որ մեծ ոգեւորութիւն ու յուզմունք պարգեւեց թէ՛ կատարողներուն, թէ՛ ունկընդիրներուն, իսկ աւարտին եղած խմբակային լուսանկարը գեղեցիկ ու ուրախ ամփոփեց ձեռնարկը:
Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Ֆինլանտա-Հայաստան միութեան կողմէ` Ֆինլանտահայ գործարարներու ֆինանսական աջակցութեամբ: Միութիւնը կը յայտնէ իր խորին շնորհակալութիւնը ձեռնարկի աջակիցներուն`«Oգադենտ», «Կոքսա», «Հայաս», «Սովաւտոյ բուս», «Մէգլար Պրօ» ընկերութիւններուն:
Յատկանշական է, որ նոյն oրը` հոկտեմբեր 3-ին, Ֆինլանտայի հիւսիսային քաղաքներէն մէկուն` Օուլուի մէջ, տեղի ունեցաւ մէկ այլ ձեռնարկ` «Մշակոյթներու փառատօն-2018», ուր 40 երկիրներու տաղաւարներու մէջ առանձնացաւ նաեւ հայկական տաղաւարը: Օուլուի փոքրիկ հայ համայնքը հիւրերուն ներկայացուց Հայաստանի պատմութիւնն ու մշակոյթը: Աշխարհի տարբեր երկիրներէ հարիւրաւոր հիւրեր ճաշակեցին հայկական ղափաման, տոլման, լաւաշը, գաթան ու ժենգեալով հացը: Անոնք շատ հետաքրքրուած էին Հայաստանի մասին բազմազան տեղեկութիւններով եւ հնարաւորութիւն ունեցան գրելու իրենց անունները հայերէնով: Փառատօնի աւարտին Օուլուի հայ համայնքի ներկայացուցիչները անոնց սորվեցուցին քանի մը հայկական պար ու ուս-ուսի տուած պարեցին հայկական, միեւնոյն ժամանակ միջազգային պարերը: