Լոյս Տեսած Է «Սփիւռք Եւ Ինքնութիւն» Գիտաժողովի Նիւթերու Ժողովածուն

Անթիլիասի մէջ լոյս  տեսած է «Սփիւռք եւ ինքնութիւն» գիտաժողովի նիւթերու հաւաքածուն: «Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ, հատորը կը ներառէ յուլիս 17-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան  կազմակերպած համանուն թեմայով համաժողովի ընթացքին ներկայացուած զեկոյցները: Վերջիններս կ´արծարծեն ինքնութեան հարցի պատմագիտական, ազգագրական, մշակութաբանական,կրթագիտական, հասարակագիտական եւ հոգեբանական խնդիրները:

Զեկոյցի տեսքով գիրքին մէջ ներառուած 24 աշխատութիւններու հեղինակները գիտաշխատողներ, գիտահետազօտողներ, հրապարակախօսներ են Հայաստանի հանրապետութենէն եւ սփիւռքէն:

Հատորը խմբագրած է Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան:

 

Scroll Up