Նոր Նշանակումներ՝ Կառավարութեան Մէջ

Հոկտեմբեր 4-ին հիմք ընդունելով վարչապետին առաջարկը, նախագահ Արմէն Սարգսեան ստորագրեց հրամանագիրներ, որոնցմով՝ Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Ֆելիքս Ցոլակեան նշանակուեցաւ Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարար, Հայաստանի փոխադրամիջոցներու, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեանց նախարարի առաջին տեղակալ Յակոբ Արշակեան կը նշանակուի նոյն գերատեսչութեան նախարար, Գարեգին Բաղրամեան՝ ուժանիւթի ենթակառուցուածքներու եւ բնական պաշարներու նախարար: