Հայոց Եկեղեցիներուն Մէջ Կը Կատարուի Հոգեհանգիստ Շառլ Ազնաւուրի Համար

Ինչպէս կը հաղորդեն Մայր Աթոռի Տեղեկատուական համակարգէն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը մեկնած է Փարիզ (Ֆրանսա)` հոկտեմբեր 5-ին եւ 6-ին մասնակցելու ՀՀ Ազգային հերոս, Զուիցերիոյ Համադաշնութեան մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան, աշխարհահռչակ շանսոնիէ Շառլ Ազնաւուրի յիշատակի եւ յուղարկաւորութեան արարողութիւններուն:

Հոկտեմբեր 6-ին` ժամը 12:00-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ եւ Հայոց Եկեղեցւոյ թեմերու առաջնորդանիստ եկեղեցիներուն կը կատարուի հոգեհանգստեան կարգ մեծանուն հայորդիի հոգիի խաղաղութեան համար:

Scroll Up