Փայլանի Յուզիչ Գրառումը Ազնաւուրի Մասին. Ան Հայկական Սփիւռքի Յայտնի Արժէք Է

Թուրքիոյ ընդդիմադիր քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութեան (ԺԴԿ-HDP) հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան Twitter-ի մէջ յուզիչ գրառում կատարած է Շառլ Ազնաւուրի մահուան կապակցութեամբ:
«Շառլ Ազնաւուրին կորսնցուցինք: Անոր ընտանիքը Անատոլիայէն մազապուրծ եղած մեր քաղաքացիներն էին: Ան հայկական սփիւռքի յայտնի արժէք է, որուն այսօր անգամ մը եւս վիրաւորանք հասցուց Թուրքիոյ իշխանութիւնը: Թող անոր հոգին լուսաւորուի»:
Յիշեցնենք, որ հոկտեմբեր 1-ին իր առանձնատան մէջ մահացած է աշխարհահռչակ ֆրանսահայ շանսոնիէ Շառլ Ազնաւուրը:
Աղբիւրը` Էրմէնիհապեր