Ի Յիշատակ Ազնաւուրի ՀՀ Դիւանագիտական Ներկայացուցչութիւններուն ՄԷջ Բացուած Են Սգոյ Մատեաններ

«Ազգային հերոս Շառլ Ազնաւուրի մահուան կապակցութեամբ` ԱԳ նախարար Զոհրապ Մնացականեանի յանձնարարութեամբ ՀՀ բոլոր դիւանագիտական եւ հիւպատոսական ներկայացուցչութիւններուն մէջ բացուած են սգոյ մատեաններ»,–ֆէյսպուքեան իր էջին վրայ գրած է ՀՀ ԱԳՆ մամուլի խօսնակ Տիգրան Բալայեան:
Յիշեցնենք, որ հոկտեմբեր 1-ին 94 տարեկան հասակին կեանքէն հեռացաւ նշանաւոր ֆրանսահայ շանսոնիէ, երգիչ, երգահան, դերասան եւ հասարակական գործիչ Շառլ Ազնաւուրը: