Լոս Անճելըսի «Մանուկեան-Տէմիրճեան» Հայկական Վարժարանին ՄԷջ Նշուած Է ՀՀ Անկախութեան 27-ամեակը

ԱՄՆ Լոս-Անճելըս քաղաքին մէջ գործող ՀԲԸՄ-ի «Մանուկեան-Տէմիրճեան» հայկական ամէնօրեայ վարժարանին մէջ սեպտեմբեր 28-ին մեծ շուքով նշուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան 27-ամեակը:
«Հայերն այսօր»-ի տեղեկացմամբ, «Երեւանեան գիշեր» խորագիրը կրող ձեռնարկին ընթացքին աշակերտներն ազգային-հայրենասիրական եւ մայրաքաղաք Երեւանին նուիրուած երգեր կատարած են, հանդէս եկած են ժողովրդական պարերով, ինչպէս նաեւ հնչած է տհոլ-զուռնա, որ դահլիճին մէջ ներկայ շուրջ 500 հանդիսատեսն աւելի խանդավառած է:
Ձեռնարկին տպաւորիչ հատուածներէն եղած է 3-րդ դասարանի աշակերտներու` հայերէնի ուսուցչուհի Զեփիւռ Տէմիրճեանի նախաձեռնութեամբ «Իմ քայլը» բանաստեղծութեան արտասանութիւնը:
Տեղի ունեցած է նաեւ հանգանակութիւն, որուն ողջ հասոյթը պիտի փոխանցուի Հայաստան` վիրաւոր եւ առողջական խնդիրներ ունեցող հայ զինուորներուն աջակցութիւն ցուցաբերելու համար:
Աւելցնենք, որ Լոս Անճելըսի մէջ գործող ամենամեծ ՀԲԸՄ-ի «Մանուկեան-ՏԷմիրճեան» հայկական վարժարանը հիմնադրուած է 1976 թուականին: Դպրոցն անուանակոչուած է ՀԲԸՄ բազմամեայ նախագահ, Հայաստանի Ազգային հերոս Ալէք Մանուկեանի եւ Լիբանանէն ԱՄՆ գաղթած բարերարներ Սարգիս եւ Սեդա Տէմիրճեաններու պատուին:
Դպրոցին մէջ ուսուցումը կ´իրականացուի ամերիկեան պետական ծրագիրով, կը դասաւանդուի նաեւ հայոց լեզու, գրականութիւն, մշակոյթ, պատմութիւն, կրօն, երաժշտութիւն առարկաները, կը գործեն հայկական պարի եւ ճատրակի խմբակներ: