ՀՀ Անկախութեան 27 Եւ Երեւանի Հիմնադրութեան 2800 Ամեակներուն Նուիրուած Տօնակատարութիւն Յորդանանի Մէջ

Ամմանի Ազգային Մարզական Միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ,  ՀՀ Անկախութեան 27-րդ տարեդարձին և Երեւան քաղաքի հիմնադրութեան 2800 ամեակի տօնակատարութիւն- պարահանդէսը, տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի 27 Սեպտ. 2018-ին, ԱՄՄ-ի ամառնային զբօսավայրի նորակառոյց շքեղ սրահին մէջ, ներկայութեամբ Յորդանանի հայ համայնքի հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Աւետիս Ծ.վրդ. Իփրաճեանի, ԱՄՄ-ի Վարչական անդամներու և սրահը ծայրէ ծայր լեցուցած Յորդանանի Հայ համայնքին:

Ողջոյնի և բացման խօսքերով ելոյթներ ունեցան, Տիկ. Սիւզի Սանճեան, որ բարի գալուստ մաղթելով շնորհաւորեց ներկաները ՀՀ անկախութեան և Երեւանի յոբելեաններու առթիւ: Ապա խօսք առաւ Տիկ. Թալին Յակոբեան, որ ներկայացնելով օրուան խորհուրդը, ակնարկով մը անդրադարձաւ ՀՀ անկախութեան խորհուրդին և քսանեօթ տարիներու ընթացքին անցած կարեւոր ճանապարհին,  հասնելով այս տարուայ համայն աշխարհի օրինակելի Թաւշեայ ժողովրդական Յեղափոխութեան յաղթանակին, որուն նպատակն է երկրի բարեկեցութեան ու բարօրութեան համար բարեփոխութիւններ կատարելը:

Տիկ.Թալին եզրափակելով իր խօսքը շնորհաւորեց բոլոր հայութիւնը այս ազգային ամենակարեւոր տօնին կապակցութեամբ, կարեւորելով Հայաստան Արցախ և Սփիւռք եռամիասնութիւնը պետութեան կայացման և զարգացման գործին: Ետքը Տիկ. Սիւզի իր տպաւորիչ առոգանութեամբ ասմունքեց Համօ Սահեանի «Հայաստան Ասելիս» բանաստեղծութիւնը, և ամփոփ կերպով ներկայացուց օրուայ երգիչի կենսագրականը:

Երեկոն խանդավառեց գաղութիս հանրածանօթ երգիչ Պրն. Վահէ Ծերունեանը, որ իր գրաւիչ ձայնով, հայերէն և օտար երգերով ճոխացուց ձեռնարկը և ուրախ պահեց ներկաները մինչեւ ուշ գիշեր:

Օրուան անակնկալը հանդիսացաւ, Ծիլա Յակոբեանի և Լոռի Քէչէճեանի «Դուխով» պարի ելոյթը, որ մեծապէս խանդավառեց մթնոլորտը և հմայելով ներկաները արժանացաւ անոնց ջերմ ծափողջոյններուն:

Տօնակատարութեան երկրորդ բաժինը կատարուեցաւ  աւանդական մոմավառութեամբ, որ օրուան հանդիսվար Տիկ. Անի Քէչէճեանի կատարողութեամբ և ներկաներու նկատելի մասնակցութեամբ առաւել եւս հաճելի դարձուց ստեղծուած մտերմիկ մթնոլորտը:

Ապա կատարուեցաւ 27 ամեակի կարկանդակին հատումը, որ պատիւը տրուեցաւ ԱՄՄ-ի ներկայ վարչական անդամներուն և նախկին ատենապետներուն:

Ճոխ և խանդավառ մթնոլորտի մէջ խրախճանքը շարունակուեցաւ մինչեւ առաւօտեան վաղ ժամերը, և ներկաները վայելեցին գաղութիս սիրուած DJ Արամ Յակոբեանի պատրաստած երգերու ճոխ հաւաքականին:

Պարահանդէսը աւարտեցաւ ներկաներու բարձր տրամադրութեամբ:

Scroll Up