Սփիւռքահայ Զոյգի Պսակադրութիւնը Սեւանավանքին ՄԷջ

Շուրջ 20 տարի Պելճիքայի մէջ մշակութային գործունէութիւն ծաւալած Արթուր Նիկողոսեանը եւ կինը` Արփին, պսակադրուած են Սեւանավանքին մէջ:
Օգոստոսին Արթուրը եւ Արփին յատուկ եկած էին Հայաստան, որպէսզի պսակադրուին Հայաստանի մէջ:
«Ըլլալով հայ` մեր սիրտն ու հոգին հայրենիքի մէջ է, եւ այդ կարեւոր իրադարձութիւնն ալ պէտք է ըլլար հէնց մեր հայրենիքին մէջ` մեր կապուտակ Սեւանի մէջ, քանի որ հայկական եկեղեցիները շատ ազդեցիկ են մեր հոգեւոր աշխարհին համար»,-«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ Արթուրը:
1997 թուականին Պրիւքսէլի մէջ Արթուրը հիմնադրած է «Հայք» պարախումբը, որ իր աշխոյժ մասնակցութիւնը ունեցած է Պելճիքայի եւ Հայաստանի մէջ իրականացուող մշակութային իրադարձութիւններուն: