Ազնաւուրի Հարեւանները Յարգանքի Տուրք Կը Մատուցեն Մեծագոյն Շանսոնիէին

Հոկտեմբեր 1-ին 94 տարեկան հասակին կեանքէն հեռացած մեծագոյն շանսոնիէ Շառլ Ազնաւուրի երկրպագուները կու գան անոր  հրաժեշտ տալու Ֆրանսայի Մուրիէս համայնքին մէջ գտնուող անոր տան դիմաց: Մարդիկ կը բերեն ծաղիկներ, հայկական դրօշներ:

Ազնաւուրին հրաժեշտ տալու  եկած են անոր հարեւանները` 72-ամեայ Ժան-Քլոտն ու 70-ամեայ Ճոսիանը, որոնք Ազնաւուրին կը բնութագրեն որպէս պարզ մարդ, որ կ´երթար գիւղի շուկայ գնումներու:

«Ազնաւուրը, Ճոնին մեր  մէկ մասնիկն են, որ կ´անհետանան»,-կ´ըսէ Ժան Քլոտը: Հարեւանները կը նշեն, որ ինչպէս աշխարհը, Մուրիէսն ալ կորսնցուց իր աստղին:

«Մուրիէսը խաղաղութեան անոր հանգրուանն էր, ուր ան կ´այցելէր հանգստանալու ձիթենիներու ծառերու ներքոյ: Դեռ երէկ ան կը ճաշէր այստեղ, թոյլ կը զգար, բայց լաւ էր: Ան եկած էր գիւղի սրճարան: Մենք կրնայինք անոր հետ խօսիլ ամէն ինչի ու ոչինչի մասին, բայց մենք կը յարգէինք անոր հանգստութիւնը»,-կ´ըսէ Մուրիէսի քաղաքապետ Ալիս Ռոջիերոն:

«Շառլը Ֆրանսայի ամենամեծ երգիչն էր: Ան շատ համեստ մարդ էր, որ չէր ցանկար, որ իրեն խանգարեն»,-կ´ըսէ Ազնաւուրի հարեւան Ճորճ Իսրայէլեան:

«Ան իմ երիտասարդութեան մէկ մասն էր, որ հեռացաւ: Մենք շատ կը ցանկանք, որ ան այստեղ թաղուի, այլ ոչ թէ Փարիզի մէջ»,-կ´ըսէ Ազնաւուրին հրաժեշտի եկած հարեւան Քոլեթը:

Scroll Up