Շառլ Ազնաւուրը Կը Յուղարկաւորուի 12-րդ Դարու Վանքի Մէջ

Ֆրանսահայ աշխարհարռչակ Շառլ Ազնաւուրը պիտի յուղարկաւորուի Փարիզէն ոչ հեռու գտնուող Մոնֆոր-Լամորի համայնքին մէջ: Վեստի.ռու-ի հաղորդմամբ, ատիկա եղած է անոր վերջին կամքը:
Այդ համայնքին մէջ տեղակայուած է երգիչի տուներէն մէկը, ուր ան յաճախ ժամանակ կ´անցնէր իր ընտանիքին հետ:
«Իմ հողը` ֆրանսական հողն է: Իմ Մոնֆոր-Լամորի համայնքին մէջ` 12-րդ դարու վանքին մէջ, կառուցուած է յատուկ ոչ մեծ ընտանեկան գերեզման»,- ըսած է Ազնաւուրը:
Ելիսէեան պալատը նաեւ կը դիտարկէ Երեւանի մէջ հոկտեմբերին կազմակերպել ձեռնարկ, որուն ծիրէն ներս յարգանքի տուրք կը մատուցուի Շառլ Ազնաւուրի յիշատակին: Ձեռնարկը կրնայ իրականացուիլ Երեւանի մէջ հոկտեմբեր 11-12-ին կայանալիք Ֆրանքոֆոնիայի Միջազգային կազմակերպութեան գագաթնաժողովի ծիրէն ներս, որուն ներկայ պիտի ըլլայ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը:
Յիշեցնենք, որ Շ. Ազնաւուրը մահացած է նախօրէին: 94-ամեայ աշխարհահռչակ երգիչը իր աշխատանքի ընթացքին ձայնագրած է աւելի քան 1000 երգ, թողարկած շուրջ 100 ալպոմ:
Շառլ Ազնաւուրի կենդանութեան օրօք վերջին լուսանկարը եղած է ֆրանսացի դերասան Ժան-Փոլ Պելմոնտոյի հետ: 360tv-ի հաղորդմամբ, լուսանկարը հրապարակուած է երգիչի պաշտօնական Ինսթակրամին մէջ:
«Իմ յաւերժական ընկեր Ժան-Փոլ»,- լուսանկարը կ´ուղեկցուի այս գրառմամբ:
Համաշխարհային մեծութեան երկու աստղերու լուսանկարի հեղինակն է Մարք տէ Տոմինիքոն: