Գէորգ Չաքմանեանի Համերգը Նուիրուած Է Զոհուած Զինծառայողներու Յիշատակին
Երեւանի «Արամ Խաչատրեան» համերգասրահին մէջ հոկտեմբեր 14-ին պիտի կայանայ ՀՀ մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ, ԱՄՆ-ի Լոս Անճելըս քաղաքին մէջ գործող «Կանթեղ» եւ «Տարօն» աշուղական երգչախումբերու գեղարուեստական ղեկավար Գէորգ Չաքմանեանի համերգը, որ նուիրուած է Հայաստանի եւ Արցախի սահմանները պաշտպանելու համար իրենց կեանքը զոհած հերոս տղաներու յիշատակին եւ անոնց ընտանիքի անդամներուն:
«Հայերն այսօր»-ի տեղեկացմամբ, համերգին ելոյթ պիտի ունենան տուտուկահարներու անսամպլը, «Կանթեղ» երգչախումբի երգիչներ` Էտիկ Օհանեան եւ Սարգիս Թամազեան, ինչպէս նաեւ Ասատուր Չաքմանեան:
Աւելցնենք նաեւ, որ Գէորգ Չաքմանեան Հայաստանի մէջ գտնուելու օրերուն աւանդաբար կ´այցելէ սահամանամերձ գիւղեր` իր երգով գիւղացիներու եւ քաջարի զինուորներու կողքին գտնուելու եւ անոնց խրախուսելու համար: