«Յարատեւ Կռիւ». Արցախին Նուիրուած Վաւերագրական Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն Լիբանանի Մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2018/09/haradev_griv_92718.jpg)
«Ազդակ»– Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէին, երէկ երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Սիթի մոլ»-ի «Սինեմա Սիթի»-ի Ա. սրահին մէջ ցուցադրուեցաւ «Յարատեւ կռիւ»-ը` Արցախի նուիրուած փաստագրական ժապաւէն մը:
Ձեռնարկին անձամբ ներկայ գտնուեցան ժապաւէնի բեմադրիչ Սամուէլ Թադեւոսեան, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, տարբեր միութիւններու ու հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, հայկական դպրոցներու տնօրէններ, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով հայրենակիցներ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Վարդան Աճեմեան, որ յայտնեց, թէ ինչպէս երկու տարի առաջ, այս տարի եւս ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէն նախաձեռնած է Լիբանան հրաւիրելու բազմաթիւ վաւերագրական ժապաւէններու բեմադրիչ Սամուէլ Թադեւոսեանը, որպէսզի ան ցուցադրէ իր պատրաստած «Յարատեւ կռիւ» վաւերագրական նոր ժապաւէնը` լիբանանահայութիւնը իրազեկ պահելու արցախեան իրադարձութիւններէն:
Ապա ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէին խօսքը ուղղեց Կիրակոս Գարակէօզեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն` հաստատելով, որ անոնց ներկայութիւնը քաջալերանք է` թէ՛ նախաձեռնութեան եւ թէ՛ ներկայացուած ժապաւէնին նկատմամբ:
Ան շեշտեց, որ լիբանանահայութեան համար Արցախը ազատագրուած հայրենիք է, ուր կ՛ապրի հերոս ժողովուրդ մը, որ մեծ զոհողութիւններով կը շարունակէ կառուցել ժողովրդավար երկիր, հզօր պետականութիւն եւ բանակ:
«Փաստօրէն ՀՅԴ հիմնադիր երրորդութեան Քրիստափորի պատգամը` «Յարատեւ կռիւ»-ը խորհրդանշող ժապաւէնը, հայոց պատմութենէն ժառանգուած պատգամ մըն է, որով կրցած ենք ապրիլ ու գոյատեւել, երբ ցոյց տուած ենք մեր բազուկը, միասնութիւնն ու կամքը, եւ բարձր պահած մեր ազգային արժանապատուութիւնը», ըսաւ ան:
Ան շեշտեց, որ ազգերու պատմութիւնը կը վկայէ, թէ կ՛ապրին այն ժողովուրդները, որոնք չեն մոռցած իրենց պատմութիւնն ու նախնիներուն սխրանքը, թէկուզ հազարամեակներ ետք:
Կ. Գարակէօզեան հաստատեց, որ «Յարատեւ կռիւ» ժապաւէնին նպատակն է հզօրացնել հայ ժողովուրդին հաւաքական յիշողութիւնը, որ անցեալը ապագային կապող ամէնէն զօրաւոր կամուրջն է:
«Ժապաւէնին նպատակն է նաեւ ամրապնդել ազգային գիտակցութիւնն ու խոնարհիլ հայոց քաջարի բանակին քաջագործութիւններուն դիմաց: Թող այս ժապաւէնին ցուցադրութիւնը ըլլայ լիբանանահայութեան յարգանքի տուրքը` հայրենիքի համար զոհուած հերոսներու յիշատակին», յայտնեց ան:
Ապա ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէն բեմադրիչին յանձնեց յուշանուէր մը` առ ի գնահատանք անոր կատարած աշխատանքին:
Յուշանուէրի ստանձնումէն ետք Սամուէլ Թադեւոսեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին, որոնց ջանքերով իր պատրաստած վաւերագրական ժապաւէնը կարելի եղաւ ցուցադրել Պէյրութի մէջ:
Ան նշեց, որ իրեն համար պատիւ է Լիբանանի մէջ այդ ժապաւէնին ցուցադրութիւնը` աւելցնելով, որ ինք հաշուետու կը զգայ լիբանանահայ գաղութին դիմաց, որ միշտ կապուած է հայրենիքին եւ կը հետեւի մշակութային ու տարբեր բնագաւառներու նորութիւններուն: «Հայաստանը բոլորիս հայրենիքն է, եւ իւրաքանչիւր հայ, ուր որ ալ գտնուի ան, պարտաւոր է կարեւոր ներդրում մը կատարել, որպէսզի հայրենիքը բարգաւաճի, ու կարելի ըլլայ թշնամին ետ մղել եւ անոր սպառնացած բոլոր վտանգները դիմակայել», նշեց ան:
Ս. Թադեւոսեան յայտնեց, որ ժապաւէնին պատրաստութեան համար աշխատած են 2016-ին, 10 ամիս եւ կրցած են ապրիլեան պատերազմի ընթացքին առաջնագիծ հասնիլ ու վաւերագրել այնպիսի տեսարաններ, որոնցմով կարելի եղաւ պատրաստել ժապաւէնը:
«Կը հաւատամ, որ հայրենի հողին համար զոհուած իւրաքանչիւր հերոսի կամ հերոսութիւն գործած հայու փառքը պէտք է անմահանայ, հետեւաբար այս դիտանկիւնէն կարեւոր կը նկատեմ նման փաստագրական ժապաւէնի պատրաստութիւնը», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ժապաւէնը յստակ արտացոլացումն է նաեւ Արցախի շուրջ համախմբուած Հայաստանին ու ամբողջ սփիւռքին, ուրկէ մարտիկներ հասան Ստեփանակերտ, ինչպէս նաեւ օժանդակութիւն հասաւ Արցախ, որ մեր ցաւն է ու հպարտութիւնը եւ որուն մղած կռիւին իւրաքանչիւրը մասնակցեցաւ իր ձեւով:
Ապա ցուցադրուեցաւ «Յարատեւ կռիւ» ժապաւէնը, որ սկսաւ հանրածանօթ երգիչ Գէորգ Հաճեանի «Յարատեւ կռիւ» խորագիրը կրող տեսահոլովակով: Երգը կը պատմէ ժապաւէնին մասին եւ անոր բառերուն հեղինակը նաեւ Սամուէլ Թադեւոսեանն է, իսկ երաժշտութիւնը կը պատկանի հայրենի երգահան Սամուէլ Գալստեանին:
Արժէ դիտել «Յարատեւ կռիւ»-ը, որ 2016-ի քառօրեայ պատերազմին մասին փաստագրական հարուստ տեսարաններ ընդգրկող ժապաւէն մըն է: Ժապաւէնը կ՛անդրադառնայ հայրենասիրութեան, հերոսութիւններուն, թշնամիին յաղթելու վճռակամութեան, Արցախի բանակին մարտունակութեան ու մարտավարութիւններուն, հայրենի հողին տէր կանգնելու հզօր կամքին, հայկական միասնականութեան, ինչպէս նաեւ քաղաքական անպարկեշտ մօտեցումներուն եւ Ազրպէյճանի ու անոր դաշնակից Թուրքիոյ նիւթած սադրանքներուն եւ հակաժողովրդավարական ընթացքին ու պատերազմին ընթացքին եւ արդիւնքներուն մասին իր որդեգրած անպարկեշտութեան, որուն հարազատ արտացոլացումն է ազրպէյճանական եւ թրքական լրատուամիջոցներուն ապատեղեկատուութիւնը: