Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի Հիմնարկէքի Արշաւը
Սեպտեմբեր 26 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը, Հայ-ամերիկեան թանգարանը կը տեղեկացնէ, թէ նախաձեռնած է հիմնարկէքի արշաւի, որուն նպատակն է համայնքը իրազեկ պահել տարուող աշխատանքներուն մասին, միաժամանակ դրամահաւաք կատարելով ի նպաստ այս պատմական ծրագիրին։
Ծրագրուած են շարք մը հաւաքներ, ներկայացումներ եւ այլ ձեռնարկներ՝ մշակութային եւ կրթական ապագայ կեդրոնը լաւապէս ծանօթացնելու համար համայնքին, որպէսզի անիկա գործնականապէս նեցուկ կանգնի թանգարանին եւ մասնակցի դրամահաւաքի ջանքերուն։
Արդէն իսկ անցնող շաբաթավերջին, Հարաւային Քալիֆորնիոյ տարածքին տեղի ունեցած են շարք մը նման նախաձեռնութիւններ՝ համայնքային կեդրոններու եւ եկեղեցիներու մէջ։
«Անհամբերութեամբ կը սպասենք Հայ-ամերիկեան թանգարանի հիմնարկէքին եւ կոչ կ՛ընենք համայնքին, որ աշխուժօրէն մասնակցի մշակութային եւ կրթական այս կեդրոնը կառուցելու ջանքերուն, նկատի ունենալով, որ անկէ պիտի օգտուին մեր եւ ապագայ սերունդները», կը յայտնէ Հայ-ամերիկեան թանգարանի վարչութեան գործադիր ատենապետ Պերճ Կարապետեան։
Նշենք, որ Սեպտեմբեր 18-ին, Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդը պաշտօնապէս ստորագրեց թանգարանի վարչութեան հետ գոյացած՝ թանգարանի տարածքի վարձակալութեան համաձայնութիւնը, որ արդիւնքն էր գրեթէ 5 տարիներու մնայուն ջանքերու։
Թանգարանը պիտի հաստատուի քաղաքի Կեդրոնական զբօսավայրին մէջ, Պրենտ եւ Քոլորատօ թաղերու խաչմերուկին մօտերը: Անիկա պիտի ունենայ ամերիկահայութեան նուիրուած մնայուն հաւաքածոյ մը, ինչպէս նաեւ տարբեր մշակոյթներու եւ նիւթերու նուիրուած ցուցահանդէսներ պիտի հիւրընկալէ պարբերաբար:
Հայ-ամերիկեան թանգարանի վարչութեան մաս կը կազմեն շրջանի հետեւեալ կազմակերպութիւններն ու հաստատութիւնները՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ առաջնորդարանը, Հայ Մշակութային հիմնարկութիւնը, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական միութիւնը, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանը, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութիւնը, Հայ Օգնութեան Միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանը, «Նոր Օր» Բարեգործական հիմնարկութիւնը, «Նոր Սերունդ» Մշակութային միութիւնը, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանը եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանը: Անոր մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.ArmenianAmericanMuseum.org կայքը: