Լիբանանահայ Արուեստագէտը Միջազգային Մրցանքի Դափնեկիր

Օգոստոս 21-31, Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշտի մէջ տեղի ունեցաւ 14-րդ աւանդական «Տանիւպ» նուագախմբային խմբավարութեան միջազգային մրցանքը, որուն կը մասնակցէր 16 խմբավար:

Նշեալ միջազգային մրցանքի ընթացքին՝ առաջին (Ֆըրսթ Փրայզ) եւ գլխաւոր (Կրանտ Փրայզ) մրցանակներուն տիրացաւ Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի լարային անսամպլի խմբավար, երաժշտական տեսութեան ու ներդաշնագիտութեան ուսուցիչ, Լիբանանի սիմֆոնիք նուագախումբի խմբավարներէն Կարօ Աւեսեան, կը հաղորդէ Լիբանանի «Ազդակ»-ը։

Լիբանանահայ արուեստագէտը մրցանքի գլխաւոր մրցանակին հիմամբ հրաւիրուած է իբրեւ հիւր խմբավար` 2018-2019 համերգային տարեշրջանի ընթացքին Պուտափեշտի մէջ ելոյթ ունենալու «Տանիւպ» սիմֆոնիք նուագախումբին հետ:

Scroll Up