«ԹՈՒՄՕ Փարիզը» Բացաւ Իր Դռները

ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութեանց կեդրոնի առաջին միջազգային կեդրոնը՝ «ԹՈՒՄՕ Փարիզը», Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 25-ին բացաւ իր դռները Փարիզի բնակող երիտասարդներու առջեւ:
Կեդրոնի 1500 ուսանողներուն կէսը «ԹՈՒՄՕ Փարիզ»-ի կրթական ծրագիրը կը սկսին այս տարի, իսկ միւս կէսը կեդրոնը պիտի սկսի յաճախելու Յունուարին:
«Մենք ճանչցանք Հայաստանը՝ իբրեւ գիտութեան, արհեստագիտութեանց ու կրթութեան ոլորտին մէջ աւանդոյթներ ունեցող երկիր: ԹՈՒՄՕ-ի միջոցով մենք Փարիզ բնակող երիտասարադներուն պիտի տրամադրենք ապագայի աշխարհը կերտելու համար անհրաժեշտ բոլոր գործիքները»,- նշեց Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկօ, որ կեդրոնը եկած էր՝ ԹՈԻՄՕ-ի զարգացման հարցերու ղեկավար Բեկոր Փափազեանի ուղեկցութեամբ:
Կրթական կեդրոնի պաշտօնական բացման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 15-ին: