«Անկախութիւնն Է Նաեւ, Որ Մեզի Հայրենիք Կը Կանչէ».Աւստրալահայ Երգիչ

Աւստրալահայ երգիչ Գառնիկ Պետրոսեան ծնած է Իրաք: 1971 թուականին ծնողներուն հետ տեղափոխուած է Աւստրալիա:

Ապրելով Սիտնիի մէջ` ան, միեւնոյնն է, հոգեկան հանգստութիւն փորձած է գտնել հայրենի հողին վրայ եւ ժողովրդական այն երգերուն մէջ, որոնք երկար տարիներ կը կատարէ:

Գառնիկ Պետրոսեան «Հայերն այսօր»-ին տեղեկացուց նաեւ ընտանիքին հետ հնարաւոր հայրենադարձութեան լուրը, որուն մասին, եւ ոչ միայն, զրուցեցինք անոր հետ:

– Գառնի՛կ, Դուք յաճա՞խ  Հայաստան կ´այցելէք, եւ այս անգամ ի՞նչը առիթ հանդիսացաւ կրկին Հայրենիք գալու:

-Հայաստան ամէն տարի կու գամ զբօսաշրջութեան նպատակով: Այնպէս կը կազմակերպեմ գործերս, որ սեպտեմբեր 21-ին` ՀՀ անկախութեան օրը, Հայրենիք կու գամ եւ կը վայելեմ ամէնուր թեւածող տօնական մթնոլորտը: Միշտ ժպիտով կը յիշեմ 2008 թուականին ընտանիքիս հետ առաջին անգամ Հայաստան գալս, որ մեզի համար երազանք կը թուէր: Բախտորոշ դարձած այցելութենէն յետոյ սկսանք աւելի յաճախակի գալ:

Տաս տարիներուն ընթացքին Հայաստանի մէջ մեծ փոփոխութիւններ  նկատած եմ, յատկապէս` Երեւանի մէջ. քաղաքը զարգացած եւ աւելի բարեկարգ  դարձած է, ժողովուրդի աչքերուն մէջ վերականգնուած է ժպիտը, ապագայի հանդէպ յոյսն ու հաւատը:

Իսկ այս այցելութիւնն աւելի հեռանկարային բնոյթ ունի. կը ցանկանք ընտանիքով հայրենադարձուիլ: Այս օրերուն ընթացքին ուսումնասիրեցինք մեր շրջապատը, Հայաստանի ներկայիս իրավիճակը` հասկնալու, թէ տեղափոխուելէ ետք ինչ պայմաններու մէջ պէտք է ապրինք: Յոյսով եմ` ամէն ինչ բարեյաջող կ’ընթանայ եւ կը կարենանք իրականացնել մեր կարեւոր որոշումը:

Ինչո՞ւ որոշած էք հայրենադարձուիլ:

-Մեզի համար Հայաստան եղած է եւ կը մնայ վերջնական այն հանգրուանը, ուր, վաղ թէ ուշ, պիտի վերադառնանք: Այստեղ մեզ երբեք խորթ չենք զգար, մարդիկ ջերմ են ու սրտաբաց: Ի հարկէ, երկար տարիներ ապրած ու կայացած եմ Սիտնիի մէջ, բայց այն իմ Հայրենիքս չէ. օտարութեան զգացողութիւնը միշտ կ´ուղեկցի զիս: Ահա այս հանգամանքներն ալ վերադառնալու շարժառիթ  դարձա ծ են:

Անկախութիւնն է նաեւ  որ  մեզի Հայրենիք կը կանչէ: Առհասարակ, Սփիւռքի մէջ անկախութեան լուրը մեծ խանդավառութեամբ ընդունեցինք, շատ սփիւռքահայեր սկսան իրենց հայեացքը  դէպի Հայրենիք ուղղել:

Աւստրալիոյ մէջ ծնած տղուս ալ միշտ յորդորած եմ Հայաստան այցելել: Փոքր-ինչ կը ձգձգէր, սակայն գալէ ետք  հասկցաւ, որ իզուր կը յապաղէր: Ան սիրահարուած է  Հայաստանին եւ կ´ուզէ կրկին գալ:

Պէտք է նաեւ նշեմ, որ հայերէնը սորվելու եւ ազգային արժէքներուն հաղորդակցուելու համար ծնողներս ինծի հայկական դպրոց  տարած են, ծանօթացուցած են հայոց պամութեան եւ մշակոյթին, որուն միջոցով ալ կրցայ հաւատարիմ մնալ արմատներուս:

Վաղու՞ց  կ´երգէք:

-Դեռ փոքր տարիքէս հետաքրքրուած եղած եմ երգ-երաժշտութեամբ, քանի որ մեծցած եմ  ազգային-ժողովրդական երգեր լսելով: Նկատելով երաժշտական ունակութիւններս` ընկերներս քաջալերեցին զիս երգել: Հետեւելով անոնց յորդորներուն եւ միասին ստեղծելով «Արաքս» նուագախումբը` 1978 թուականին սկսայ երգիչի աշխատանքս:

Տարիներու ընթացքին աւելի կատարելագործուեցայ եւ հիմա կ´երգեմ ութ լեզուով: Բայց, ի հարկէ, գործունէութեանս ընթացքին անդաւաճան կը մնամ հայկական երգեր կատարելուն, որոնք իմ երգացանկիս բաղկացուցիչ մասը կը կազմեն: Հիմնականին մէջ ժողովրդական երգեր կ´երգեմ, վերջին տարիներուն հանդէս կու գամ նաեւ էսդրատային կատարումներով: Իտալական, արաբական, պարսկական փառատօններու ժամանակ անպայման նաեւ հայերէն կ´երգեմ:

Ի դէպ, օտարները մեզի որպէս հայկական նուագախումբ կը ճանչնան: Անոնք շատ կը սիրեն հայկական երգերը. Ելոյթներէն ետք  կը մօտենան եւ գովեստի խօսքեր կ´ըսեն` նշելով, որ միշտ հաճոյքով կը լսեն մեր կատարումները: Համայնքային ձեռնարկներուն նոյնպէս կը մասնակցինք, նաեւ երկու ալպոմ ունինք թողարկած:

Շատ կը սիրեմ երգել.այն կեանքիս անբաժան մասը կը կազմէ:  Հոգեպէս  բաւարարուած կը զգամ, որ կարենամ իմ կատարումներով մարդոց ուրախութիւն պարգեւել:

-Յառաջիկային չէ՞ք պատրաստուիր Հայաստանի մէջ մենահամերգ ունենալու:

-Մեծ ցանկութիւն ունիմ Հայաստանի մէջ մենահամերգ ունենալու, կը հաւատամ` կու գայ այդ օրը, ժամանակի հարց է:

Գէորգ  Չիչեան

 

Scroll Up