Հայերն Արմատներ Կը Դնեն Անտորրայի ՄԷջ

Հայաստան Անտորրայի համար նոր նուէր պատրաստած է: Այն կրկին ճոխ չըլլար, սակայն իմաստ կ’ունենայ:
Վերջերս Անտորրա լա Վելեայ բերին Հայաստան պատրաստուած խաչքարը: Յառաջիկային այնտեղ հայ–անտորրական բարեկամութեան ծառ կը տնկեն: Նուէրներն ընդունելու համար Անտորրայի իշխանութիւնները հանդիսաւոր արարողութիւն կ’իրականացնեն հոկտեմբերի կէսերուն:
Ինչպէս կը նշէ Անտորրայի մէջ Հայաստանի հիւպատոս Արա Բաղդասարեան, հայկական ընծաներու համար տէրերը առանձին ծառուիի մէջ տեղ յատկացուցած են:
Տեղի հայերուն ծառը պէտք է պատմական հայրենիքի մասին յիշեցնէ: Ու թէեւ Անտորրայի եղանակը քիչ մը կը տարբերի կովկասեանէն, սակայն Հայաստան խորհրդանշող ծառը, այստեղ պէտք է որ բնական աճի:
«Քանի մը տարի առաջ Անտորրայի մէջ Հայաստանի մասին ոչ մէկը գիտէր: Իսկ այժմ մենք արդէն բարեկամական, նոյնիսկ ազգակցական ժողովուրդ ենք: Առանց չափազանցնելու: Չէ՞ որ քանի մը տարի առաջ այստեղ ստեղծուած է առաջին հայ–անտորրական ընտանիքը: Ընտանիքի հայրը` բնիկ անտորրացի է: Մասնագիտութեամբ` ճարտարապետ, վերջերս դարձած է Անտորրա լա Վելեայ գլխաւոր ճարտարապետը», – կ´ըսէ Բաղդասարեան:
Սուրէն Սալան` Անտորրա ծնած փոքրիկն է, որուն երակներուն հայկական արիւն կը հոսի: Երեխան քանի մը լեզուներով կը սկսի խօսիլ: Չէ՞ որ եւ՛ հայերը, եւ՛ կաթալոնացիները լեռնային ժողովուրդ են, բայց ամենեւին ալ ոչ ինքնամփոփ եւ կը սիրեն լեզուներ սորվիլ: Երեխայի մայրը` Գայեանէն, գիտէ կաթալոներէն (Անտորրայի պաշտօնական լեզուն) եւ սպաներէն: Իսկ հայրը` Ճերարտ Սալան, արդէն հայերէն բառեր սկսած է սորվիլ:
Անտորրացիները նաեւ ֆրանսերէն կը խօսին: Երեւանի մէջ հոկտեմբերի սկիզբը իրականացուող Ֆրանկաֆոնիայի գագաթնաժողովին Անտորրայէն բարձր մակարդակով պատուիրակութիւն պիտի ժամանէ` վարչապետ Անթընի Մարթին եւ ԱԳՆ ղեկավար Մարիյ Ուբակ Ֆոնտը:
Երկու երկիրներու յարաբերութիւնները հետաքրքիր զարգացում կ´ապրին: Այդ պատճառով ալ ծառը Անտորրա լա Վելեայի «հայկական ծառուղիին մէջ» պէտք է, որ համապատասխան ըլլան` թափուող տերեւներով, սակայն ամուր ճիւղերով եւ արմատներով:
armeniasputnik.am