Տեղի Կ´ունենայ Ֆրանսահայ Թատերագիր Արթուր Ադամովի Հայերէն Թարգմանուած Ժողովածուի Շնորհանդէսը
Երեւանի մէջ կայանալիք Ֆրանկոֆոնիայի օրերուն ընդառաջ` հոկտեմբեր 3-ին, ժամը` 15:00-ին, ՀՀ սփիւռքի եւ մշակոյթի նախարարութիւններու, «Զանգակ» հրատարակչութեան աջակցութեամբ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ (հասցէ` Վազգէն Սարգսեան 3, 9-րդ յարկ) տեղի պիտի ունենայ ֆրանսահայ թատերագիր, բանաստեղծ եւ դրամատուրգ Արթուր Ադամովի հայերէն թարգմանուած ժողովածուի շնորհանդէսը: Գործերը հայերէն թարգմանած է Լիոնի «Sate Atre» կազմակերպութեան գեղարուեստական ղեկավար, բեմադրիչ, դերասանուհի, թարգմանչուհի, բանասիրութեան գիտութիւններու թեկնածու եւ գրող Սաթէ Խաչատրեան:
Ադամովը գրած է 22 թատերգութիւն, թարգմանած է այնպիսի հեղինակներու, ինչպիսիք են` Ռիլքեն, Ստրինդբերգը, Տոստոեւսկին, Չեխովը, Կորքին, Կոնչալովը, Կոկոլը, Պիւշները եւ ուրիշներ: Ան նաեւ երեք ինքնակենսագրական վէպերու հեղինակ է` «Խոստովանութիւն» (1946թ), «Մարդն ու երեխան» (1968թ) եւ «Ես․․․նրանք» (1969թ): Հեղինակած է ձայնասփիւռի համար գործեր: Գրած է նաեւ բանաստեղծութիւններ:
Ադամովի ողջ դրամատուրգիան կեղծ կամ խաբուսիկ երկխօսութիւններու կամ այլ խօսքով` յարաբերական երկխօսութիւններու շարք է, ուր հերոսներէն իւրաքանչիւրը կը հետեւի իր գաղափարին: