Մուսա Լերան Հերոսամարտի 103-ամեակին Առիթով Տոհմիկ Երեկոյ Այնճարի Մէջ

Ուրբաթ, 14 Սեպտեմբեր 2018-ին արտակարգ եռուզեռ կը տիրէր Այնճար հայաւանին մէջ: Արդարեւ, ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղը կազմակերպած էր աւանդական տոհմիկ երեկոյ` «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ,  Մուսա Լերան 103-ամեակին նուիրուած: Այս աւանդական երեկոն կը հովանաւորէր ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը:

Ձեռնարկին ներկայ էին` Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Լէոնարտ Ապաճեանը, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէն, Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանը, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ընկերուհիներ, ՀՕՄ-ի ներկայացուցիչ Նելլի Վեքիլեանը, գիւղին հոգեւոր հայրերը, միութիւններու ներկայացուցիչներ, բարերարներ եւ աւելի քան 1000 հայրենակիցներ:

Բացման խօսքը կատարեց ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի անդամ Ռիթա Լաքիսեանը: Ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ անդրադարձաւ Այնճար կայք հաստատած այնճարցիներուն կրած նեղութիւններուն` յայտնելով, որ մուսալեռցի ժողովուրդը աննկուն կամքով դժուարութիւններէն յաղթական դուրս եկած է եւ ոչ մէկ ատեն ընկրկած կամ վախցած է հալածանքէն, խոչընդոտները հարթած եւ տէր կանգնած է իր լեզուին, մշակոյթին, աւանդութիւններուն, որոնք եկած են հեռաւոր անցեալէն: Տակաւին, ան հերոսամարտ մղած է` դիմելով ինքնապաշտպանութեան եւ իր սեփական ուժերով ապահոված` իր ընտանիքին գոյատեւումը, արժանապատուութիւնը եւ հայրենի տունը:

Լաքիսեան նաեւ լուսարձակի տակ առաւ ԼՕԽ-ի հիմնադրութիւնն ու անձնուրաց ծառայութիւնը` ի սպաս հայ ժողովուրդին: Իր Խօսքի աւարտին ան շեշտեց, որ պէտք է նոր սերունդին մէջ կերտել զօրաւոր անհատականութիւն, հեռու պահել զայն յոռի բարքերէ, մղել` անդամագրուելու ազգային-հայեցի դաստիարակութիւն ջամբող միութիւններուն, ուր նոր սերունդի երիտասարդները կամաւոր աշխատանքով պիտի ազնուացնեն իրենց հոգիները ու պիտի սորվին ու շահին հաւաքական ու անհատական շինիչ փորձառութիւններ: Ան իր խօսքը եզրափակեց` շնորհակալութիւն յայտնելով ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին, Այնճարի քաղաքապետութեան եւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան:

Օրուան հանդիսավարները` Ռիթա Քիւսպեքեանը եւ Ժանօ Փամպուքեանը իրենց սրտաբուխ խօսքերով մեծ խանդավառութիւն ստեղծեցին:

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան խօսքը արտասանեց ատենապետուհի Սիլվա Սապունճեանը: Ան ողջունելէ ետք ներկաները,  ըսաւ, որ բոլոր ներկաները այսօր բախտը ունեցած են իրարու հետ ըլլալու եւ յիշելու Մուսա Լեռը` իր գիւղերով, որոնք տարագրուեցան Այնճար, ճահիճները վերածեցին պտղատու ծառերու ու պարտէզներու եւ աւանը դարձուցին Լիբանանի ամէնէն գեղեցիկ գիւղաքաղաքներէն մէկը: Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ ներկայ են այս ձեռնարկին, կը վայելեն մուսալեռցիներուն աւանդական ուտելիքները եւ կը մասնակցին տոհմիկ այս երեկոյին: Իր խօսքի աւարտին ան Լիբանանահայ օգնութեան խաչին անունով խոստացաւ համագործակցիլ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան հետ` իրենց բաժինը բերելու Այնճարի բարելաւման եւ յառաջդիմութեան:

Գեղարուեստական յայտագիրով ազգագրական եւ ժողովրդային երգերով հանդէս եկաւ Շաքէ Պաղտասարեանը` նուագակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանի:

Հուսկ, Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանը իր սրտի խօսքը արտասանեց: Ան նշեց, որ Այնճարը կը պահէ իր ինքնութիւնը, որովհետեւ, իր ժողովուրդի հաւաքական մասնակցութեամբ, գիտէ արժանապատուութեամբ տէր կանգնիլ իր նախահայրերուն կտակին: Ապա աւելցուց, որ մենք աշխարհի մէջ այն եզակի հայկական ուրոյն հաւաքականութիւնն ենք, որ ամբողջութեամբ պահած է իր ընկերային, ժողովրդային եւ ազգային այն համակարգը, որ ունէր Մուսա Լերան փէշերուն վրայ:

Այնուհետեւ շարունակուեցաւ գեղարուեստական յայտագիրը` մուսալեռցի-այնճարցի թենոր երգիչ Գէորգ Հաճեանի հայրենասիրական երգերով: Երեկոն ընթացաւ աւանդական ճոխ մթնոլորտի մէջ, Մուսա Լերան տհոլ-զուռնայով, որուն ժողովուրդը մասնակցեցաւ ազգագրական պարերով` խանդավառութիւնը հասցնելով իր  գագաթնակէտին:

Յայտնենք, որ տոհմիկ երեկոյի ընթացքին ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի ընկերուհիները Այնճարի աւանդական ճաշատեսակներ եւ անուշեղէններ վաճառեցին: Տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակահանութիւն:

ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի տոհմիկ երեկոն հայկական ինքնութեան պահպանման յիշարժան եւ գնահատելի ձեռնարկ մըն էր, որուն վայելքը ապրեցան ու հոգեկան բերկրանք զգացին ներկաները:

Scroll Up