Հպարտ ըլլանք եւ անսակարկելի

Սարգիս Մանուկեան

Դարաշրջանի եւ ժամանակակից հասարակութեան մէջ, ընկերային համակարգը, շնորհիւ գիտաշխարհին տուած, ընդձեռած բարիքներուն, առաւելութիւններուն, դիւրութիւններուն, բազմապատկած է հասկացողութիւն, արժէք, նուիրում, անշուշտ աւելի անհատական մակարդակով՝ եսասիրական քան՝ ազգային, որուն դիմաց բնականաբար տուժած է եւ կը շարունակէ տուժել ազգայինը, մշակութայինը: Մօտեցումը, զգացումը համատարած է եւ ոչ թէ սահմանափակուած հայուն կամ հայկականին: Պայքարը բազմաճակատ է:

Ժամանակակից հայ սփիւռքը, որ աւելի աշխարհատարած է քան երբեք, դարձած է նաև աշխարհամոլ իր տեղի եւ մշակոյթի ՝՝մեքենային՝՝ միջոցաւ եւ սկսած է ընդունուիլ որպէս բնական երեւոյթ եւ տրամաբանական հետեւանք: Նոյն ժողովուրդի հայ զաւակը, հիւսիսային թէ հարաւային կիսագունդի մէջ, անգլեախօս, ֆրանսախօս թէ արաբախօս դարձած է խորթ  ազգային արժէքներու եւ մանաւանդ լեզուի նկատմամբ եւ սկսած է որդեգրել կեցուածք, դատողութիւն, պատկանելիութիւն, գործածութիւն, որոնք իրենց կարգին կարճ ժամանակ մը առաջ կը նկատուէին հակաազգային լայն հասարակութեան կողմէ եւ նոյնիսկ դատապարտուած, մերժուած, իսկ ներկայիս՝ ՝՝ինքնատիպ՝՝: Ներկայի պատկերը բնականաբար ունի իր թեր ու դէմ մօտեցումները:

Շատ հաւանաբար, ազգային այդ հասկացողութեամբ, հայ սփիւռքը սկսաւ իր մայրամուտը ապրիլ 1970 ական թուականներէն վերջ երբ մէկը միւսին ետեւէն Կիպրոս (1974թ.ի թրքական ներխուժում, գրաւում) Պարսկաստան, Լիբանան, Իրաք, Սուրիա եւ դարձեալ Իրաք, որոնց կողքին զերծ չմնացին Յորդանան (Իսրայէլ-Պաղէստին) եւ Եգիպտոս, ուր հինը, պատմականը, ազգայինը պարպուեցաւ եւ ստեղծուեցաւ նոր հոսանք, ոչ թէ անպայման գաղթականութեան այլ մտայնութեան, դատողութեան եւ ազգային-մշակութային չափանիշներու նկատմամբ ապակեդրոնացում: Ծնունդ առաւ անհատը, անհատականը, անհատականութիւնը, ՝՝Ես՝՝ը:

Ո՞վ է ազգայինը, ո՞վ է հայը եւ արդեօք հայերէն գիտնալը եւ խօսիլը կարեւոր է եւ նախապայման տուեալ մշակոյթի բոլոր պահանջքները բաւարարելու:

Հակառակ սփիւռքի մեծութեան, որ սահմանակից է բոլոր ովկիանոսներուն տակաւին ՝՝Հին Լսարանի՝՝ զանգը, բայց նաև որպէս ահազանգ կը հնչէ շատերուս մօտ: Սահմաններու տարածութինը այլևս արգելք մը չէ նաեւ որ կարճ ժամանակի մէջ դառնանք Մարքօ Փոլօ, Մակէլլան կամ Քոլոմպոս: Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան անոնցմէ մին է, որ իր գործին և առաքելութեան ընթացքին, զանց առնելով նաւահանգիստները, օդակայանէ-օդակայան անցնելով, կը փնտռէ նաև հայկականը, հայը, ազգային մշակոյթը կամ կը փորձէ գտնել շաղկապը և ապա որպէս համադամ ճաշի ՝՝Բաղադրագիր՝՝ մեզի կը հրամցնէ իր օրագիրը:

Զարմանալի չէ, որ վերջերս, իր գիրքի ՝՝Սփիւռքահայ Կեանքեր՝ Ինչպէս Որ Տեսայ՝՝ 2018թ.ի  հրատարակութենէն և բազում շնորհահանդէսներէն վերջ, նմանօրինակ շնորհանադէս մը տեղի ունենայ նաև Աւստրալիա՝ Սիտնի: Այո՛ Աւստրալիա իր Նոր Զելանտիա  ճանապարհին, ընկերակցութեամբ Տիկնոջ՝ Դոկտ. Արտա Ճէպէճեանի, որ կատարած է գիրքի մանրազննին և դժուարին խմբագրութիւնը ուր Հրայր կը նկարագրուի որպէս անսակարկելի հաւատարմութեամբ հայուն, հայրենիքին, եկեղեցիին, մշակոյթին, պահանջատիրութեան, մամուլին և սփիւռքին նուիրեալ իր մորթին ամենաջնջին բջիջներով անգամ:

Հակառակ մեր 80ական թուականներու հանդիպումներուն՝ Լիբանան և Եգիպտոս, ասիկայ երկրորդ հանդիպումն էր ի Սիտնի: Օգոստոս 4-ին Սիտնիի Առաքելական Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ Էտկարեան սրահէն ներս, Առաջնորդ սրբազան հօր՝ Գերաշնորհ Տէր Հայկազուն Եպս. Նաճարեանի հովանաւորութեամբ տեղի ունեցաւ շնորհանդէսը: Հաստափոր գիրքին ներկայացումը կատարուեցաւ դիւանապետ Նշան Պասմաճեանի կողմէ:

Դոկտ. Հ. Ճէպէճեան իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ սփիւռքը ընտրութիւն չէ, այլ հետեւանք: Հայապահպանումի ճակատամարտը՝ սփիւռքի ճակատամարտ է, որ ունի իր զոհերը և զոհերը սկսած են աւելնալ, բայց մենք պէտք է շարունակենք պատմել մեր պատմութիւնը:

Հրայր Ճէպէճեան գիտակից է, որ որպէս սփիւռք, պետականութիւն կը դիմագրաւենք հազար ու մէկ դժուարութիւններ: Սփիւռքի տարածքին տարբեր ենք, բայց օտար չենք, մեր արմատը, մեր ծառը մէկ է: Սրբազան հայրը հիւրը որակեց որպէս Աստուծոյ մարդ, որ իր կրօնասիրութեան կողքին ունի հայրենասիրութիւն եւ ամբողջական նուիրում հաւատք եւ սէր հայրենիքին նկատմամբ:

Կիրակի 5 Օգոստոսին ՀԲԸՄիութեան և ԱՀԱԸնկերակցութեան կողմէ կազմակերպուած էր դասախօսութիւն ՀԲԸՄ.ի կեդրոնատեղիին մէջ ՝՝Հայկական Մշակոյթ Ամբողջական Կեանք եւ Շարունակականութեան Հիմք՝՝ խորագիրով, որուն ընթացքին փոխն ի փոխ զեկուցեցին Հրայր եւ Արտա Ճէպէճեանները:

Դոկտ. Հրայր իր զեկոյցի ընթացքին թելադրեց որ ազգային կառոյցներու նկատմամբ պէտք է յարգանք ունենալ, որոնք իրենց կարգին ըլլան քաջալերական: Երկլեզուանի կամ բազմալեզու ըլլալը խելացիութեան չափանիշ է ընդգծեցին խօսնակները, ինչպէս նաև կեանքի ու գործի յաջողութեան գրաւական ու բանալի: Ընկերալեզուաբան Դոկտ. Արտա Ճէպէճեան նշեց որ խօսակցութիւնը կարեւոր է, հոգ չէ թէ, որոշ վրիպումներով կամ պէտք չէ անպայման պարտադրել որ բերանացիին կողքին ունենան նաև գրականը: Դոկտ. Արտա Ճէպէճեան իր ասպարէզին բերումով, տուաւ լեզուի ուսուցման դժուարութիւններու կողքին,տարբեր մօտեցումներ որ կարելի է կիրարկել, ինչպէս նաև հոգեբանական բարդ կացութիւններ, որոնք առլցուն են այսօր, մեր նոր հայ երիտասարդ սերունդին և լայն հասարակութեան մօտ:

Այո՛ պայքար կայ և պէտք է շարունակել պայքարը, մանաւանդ երբ նկատի առնենք, որ գրեթէ ամէն երկու շաբաթ կը մեռնի, կ՛ոչնչանայ լեզու մը: Խօսնակները սերտօրէն իրար կապեցին օրուայ սփիւռքի հոգեբանութիւնները, մօտեցումները լեզուի և մշակութայինի նկատմամբ՝ միահիւսելով ցեղասպանութեան, միջավայրի, պատերազմական, գիտական, հաղորդակցութեան զարգացման և արագ տարածման ազդակները: Դոկտ. Արտա Ճէպէճեան սիրայօժար իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց և ժամանակը տրամադրեց Աւստրալահայ գաղութի դպրոցական ցանցին, որ որպէս ընկերալեզուաբան պատրաստ է գալու և համապատասխան աշխատանք տանելու տեղի հայեցի կրթութեան պատասխանատուներուն հետ: Տեղի ունեցաւ հարց պատասխան: Զգալի էր ներկաներուն հայ մշակոյթի և լեզուի կորուստին մտահոգութիւնը բայց խօսնակներուն նկատմամբ գնահատականը՝ անվերապահ: Սրբազան հայրը անգամ մը ևս շեշտեց որ մեր մշակոյթը նոր չէ, Սումերական բեւեռագիր և այլ սեպագիր վկայութիւններ կան այդ մասին և այսօր բոլորիս պարտականութիւնն է յաջորդ սերունդին փոխանցել այս դարերու խորքէն եկող հարստութիւնը:

Ճէպէճեաններուն պատգամը, ընդհանրապէս, այս երկու ձեռնարկներուն և իրենց կեցութեան ընթացքին եղաւ հպարտ ըլլալ և անսակարկելի:

Այո՛ հպարտ, անսակարկ, անզիջող: Մեզմէ իւրաքանչիւրը մեր ժամանակի և միջավայրի պտուղն է՝ կարկտահար, սառցահար, արեւահար և կամ արեւահամ: Հպարտութիւնը, եթէ չեմ սխալիր, արդիւնք է շօշափելի և տեսանելի արարքներու, որոնք շատ յաճախ ՝՝Երկարակեաց՝՝ չեն և ՝՝Հերոսներ՝՝ շատ արագ կը փոխուին: Ստեղծագործ ժողովուրդի ժառանգութիւնն է որ հպարտութեան շաղախն է , որ պէտք է մնայ անփոփոխ, սակայն այսօր դժբախտաբար այդ ՝՝շաղախն՝՝ է որ տոկուն, ամուր , զօրաւոր չէ և հետեւաբար ատակ ՝՝Ճեղքուածքներ՝՝ ունենալու և երբեմն, որպէս ՝՝Թուղթէ դղեակներ՝՝ փուլ գալու: Ո՞ւր կը մնայ հպարտութիւն,անսակարկութիւն, անզիջողութիւն: Հոս է իրականութիւնը և մեր պայքարը: Հայերէն լեզուի կողքին կրնանք ունենալ երկրորդ մը կամ վեցերորդ լեզու մը և ոչ թէ ունենալ 5 լեզու, որոնց շարքին չկայ, կը պակսի, բացակայ է հայերէնը: Ճէպէճեան ամոլը արդարացի հպարտութեամբ նշեցին որ իրենց զաւակները հայերէն լեզուի կողքին քաջատեղեակ են անգլերէնին, յունարէնին, արաբերէնին և այլ լեզուներու: (Չ)գիտնալ,(չ)սորվիլ կամ դիտմամբ անտեսել և մերժել՝ Փանտորայի տուփը բանալ կը նշանակէ:

Այո՛ հայը եղած է և այսօր ալ ծանօթ է որպէս ՝՝Բազմալեզու՝՝ իր օտար դրացիին, բարեկամին կամ գործընկերոջ կողմէ: Բայց ի՞նչ է մակարդակը, որակը այդ ՝՝հայերէնին՝՝, որ այսօր նոյնիսկ Հայաստանի մէջ անգամ աղաւաղուած է հարիւրաւոր , նոյնիսկ  հազարաւոր օտար բառերու ներածումով և հայերէնացած գործածութեամբ, որոնց համապատասխան բառերը կան, շատ հաւանաբար ոչ սեպագիր արձանագրութիւններու մէջ բայց մեր հայկազեան բառարաններուն մէջ անպայման: Այս օրերուս գործածական և ընդհանրացած բառերէն օրինակ մը՝ Կորուպցիա:
Ինչո՞ւ գործածել կորուպցիա  երբ կայ, ունինք կաշառակերութիւն : Շաղախը ճեղքուածքներ ունի իր հիմքերուն վրայ: Կաշառակերութիւնը սակարկելի եղած է ամէն մակարդակի ու խաւի: Աղջիկ քեզի կ՛ըսեմ, հարս դուն հասկցիր:

Ես հպարտ եմ, որ հայ եմ և քիչ մը աւելի որ Սփիւռքահայ եմ, թէև ոչ իմ ընտրութեամբս, ինչպէս պիտի ըսէր Դոկտ. Հ. Ճէպէճեան: Իմ ժառանգութիւնս, մշակոյթս, լեզուս անսակարկելի է, բայց հպարտ եմ հայրենիքի ու Արցախի այլ նուաճումներով՝ սկսեալ Վահագնի Ծիր Կաթինով, իրարյաջորդ մեր հանրապետութիւններով, Նախիջեւան կանչող՝ Արցախեան մեր նոր մարտիկներով, Էջմիածինն ի Հօրէ՝ մոմաճրագ սեղանով: Պիտի չուզէի լսել, տեսնել, վկայել ազգային, մշակութային, պետական, կրօնական թերացումներ, հայրենի հողին վրայ, որոնք վնասակար են և ազգագործան և ժողովուրդին համար խոցելի՝ ի սփիւռս աշխարհի կամ ի Հայաստան:

Ճէպէճեաններուն և բոլոր նմանօրինակ պայքարողներուն՝ վարձքերնիդ կատար, գրիչը և լեզուն միշտ անսպառ:

Scroll Up