Տեղի Ունեցաւ «Փրկութեան Հրեշտակը» Ներկայացումը` Նուիրուած ԱՀԱԸ-ի Հիմնադրման 100-ամեակին

Սեպտեմբեր 25-ին Հայ Աւետարանչական կեդրոնին մէջ «Հաւատքի, սիրոյ եւ ծառայութեան 100 տարուան ժառանգութիւն» խորագիրի ներքոյ տեղի ունեցաւ Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան եւ Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցւոյ «Հայասա» թատերախումբի` Ցեղասպանութեան տարիներուն հայ ժողովուրդի փրկութեան համար նահատակուած վերապատուելի Յովհաննէս Էսքիճեանի յիշատակին նուիրուած «Փրկութեան հրեշտակը» ներկայացումը, որ նուիրուած էր Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) հիմնադրման 100-ամեակին:
«Հայերն այսօր»-ի տեղեկացմամբ, ԱՀԱԸ-ի մամլոյ քարտուղար Անդրանիկ Մարդոյեան բացման խօսքին մէջ նշեց, որ ներկայացման սենարը հիմնականին մէջ գրուած է գերմանացի հեղինակ Հիլմար Կայզերի «Տէր Էզ- Զօրի խաչուղիներուն»: Մահ, վերապրում եւ ընդյատակեայ մարդասիրական դիմադրութիւն Հալէպի մէջ 1915–1917 թթ.» գիրքին հիման վրայ, որ հեղինակին` Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ անկախ հետազօտութիւններու արդիւնք է:
Ներկայացման աւարտին Հիլմար Կայզերն իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ տպաւորուած է «Փրկութեան հրեշտակը» ներկայացումով եւ աւելցուց, որ վերոնշեալ գիրքը քսան տարի առաջ գրելով` փորձած է մարդկութեան ներկայացնել Յովհաննէս Էսքիճեանի` Հալէպի մէջ ծաւալած բարեգործական, մարդասիրական վեհ աշխատանքները եւ ցոյց տալ անոր քրիստոնէական հաւատքը, որ դարձած է օրհասական վիճակի մէջ գտնուող հայ ժողովուրդին օգնութեան ձեռք մեկնելու շարժիչ ուժը:
Յոբելենական երեկոն ամփոփեց Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանջեան, որ մասնաւորապէս ըսաւ. «Այս օրերուն Հայաստանի մէջ կը նշենք ԱՀԱԸ-ի 100-ամեակը: Աւետարանչականը ստեղծուեցաւ Վերապատուելի Հ. Էսքիճեանի նման հոգեւոր հովիւներու եւ սրտի զգացումներու մեծ գանձ ունեցող աշխարհականներու կողմէ: Մենք ծնած ենք Հալէպ, Վեր. Հ.Էսքիճեանի կողմէ փրկուած երեխաները եղած են մեր ծնողները: Մենք այսօր կը յիշենք նաեւ Վեր. Ահարոն Շիրաճեանին, Հրանդ Կիւզելեանին, որոնք նոյնպէս հազարաւոր երեխաներու կեանք փրկեցին` դառնալով բազում մարդոց կեանքի աղբիւրը: Վեր. Էսքիճեան վստահ էր, որ Ցեղասպանութենէն յետոյ վերապրող հայ որբերը, փոքրաթիւ ուսուցիչները, բժիշկներն ու այլ մտաւորականներ հնարաւորութիւն պիտի տային հայութիւնը կրկին վեր յառնելու»:
Աւելցնենք, որ հանդիսատեսի շարքերուն մէջ ներկայ էին նաեւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան Հայաստանի ներկայացուցիչ Յարութ Ներսէսեանը, Հայ Աւետարանական համաշխարհային խորհուրդի գործադիր տնօրէն Վեր. դոկտ. Վահան Թութիկեանը, Վերապատուելի Յովհաննէս Էսքեճեանի թոռը` Մարտին Էսքեճեանը, ՀՀ ԳԱԱ Արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէն, թրքագէտ Ռուբէն Սաֆրաստեանը, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան–հիմնարկի տնօրէն Յարութիւն Մարութեան, դասախօսներ, հիւրեր արտերկրէն, հասարակական, միջազգային կազմակերպութիւններէն, եկեղեցականներ տարբեր կառոյցներէ, հայ աւետարանական միութիւններու նախագահներ, եկեղեցական առաջնորդներ: