ՀՀ Սփիւռքի Նախարարը Հանդիպած Է Եգիպտոսի Վարչապետին

Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութիւն կատարած պաշտօնական այցի ծիրէն ներս այսօր սփիւռքի նախարարութեան պատուիրակութիւնը ընդունեց Եգիպտոսի վարչապետ Մուսթաֆա Մատպուլին:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ հայ-եգիպտական յարաբերութիւններուն, Եգիպտոսի մշակութային եւ ընկերային-տնտեսական կեանքին մէջ տեղի հայ համայնքի ունեցած դերակատարութեան: Նախարար Մխիթար Հայրապետեան ՀՀ կառավարութեան անունէն գնահատանքի խօսք փոխանցեց Եգիպտոսի ժողովուրդին եւ պետութեան, որ Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն հազարաւոր հայերու փրկութիւն եւ ապաստան  տուած է:

Հանդիպման աւարտին երկուստեք կարեւոր համարուեցաւ նաեւ երկու երկիրներու` սփիւռքի հետ աշխատանքները կարգաւորող պատասխանատու գերատեսչութիւններու միջեւ համագործակցութեան խորացումը:

Scroll Up