«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Ընտրուած է Հայկակ Արշամեանը

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէնի պաշտօնին ընտրուած է Հայկակ Արշամեան 3 տարի ժամէկտով:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէնի պաշտօնին համար յայտարարուած մրցոյթի յայտերու ընդունման ժամկէտն աւարտած էր օգոստոս 31-ին: Ստացուած էր 42 յայտ 7 տարբեր երկիրներէ /Հայաստան, Ռուսաստան, ԱՄՆ, Մեծ Բրիտանիա, Ֆրանսա, Զուիցերիա, Լիբանան/: Ընտրող յանձնաժողովը, որուն մէջ ընդգրկուած էին Հայաստանի եւ Արցախի նախագահներու, ՀՀ վարչապետի ներկայացուցիչները, Հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ Ալբերտ Պօղոսեան եւ Հիմնադրամի գործադիր տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Պետրոս Թերզեան, քննելով յաւակնորդներու գործերը, ս/թ սեպտեմբեր 10-ի նիստին անոնցմէ 12-ի հետ հարցազրոյցի եւ յետխորհրդակցութեան արդիւնքով յաղթող  ճանչցուած էր պարոն Արշամեան, որուն թեկնածութիւնն ալ առաջադրուած էր հոգաբարձուներու խորհուրդի հաստատմամբ:

Scroll Up