Ապու Տապիի Մէջ Տեղի Ունեցած է ՀՀ Անկախութեան 27-րդ Տարեդարձին Նուիրուած Ձեռնարկ

Սեպտեմբեր 21-ին Արաբական Միացեալ Էմիրութեան մէջ ՀՀ դեսպանութեան եւ Ապու Տապիի Ազգային վարչութեան կողմէ կազմակերպուած է հանդիսաւոր ձեռնարկ, որ նուիրուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան 27-րդ տարեդարձին:

Ըստ ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ ծառայութեան՝ Ապու Տապիի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ համալիրի «Սուրէն Գոճաքեան» սրահին մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկին՝ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է ԱՄԷ-ի մէջ ՀՀ գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Արտակ Յովհաննիսեան: Ներկաները շնորհաւորելով ՀՀ անկախութեան տարեդարձիn առթիւ` ան կարեւոր համարած է հայկական պետականութեան դերը հայկական ինքնութեան եւ ազգային արժէքներու պահպանման եւ զարգացման գործին մէջ:

Ձեռնարկի ընթացքին բանախօսութեամբ հանդէս եկած են Ապու Տապիի ազգային վարչութեան նախկին ատենապետ Վարդգէս Արզումանեան, Ապու Տապիի հոգեւոր հովիւ, Տ. Վաչէ Վրդ. Վաչէ Պալըքճեան, որ իր խօսքին մէջ կարեւորած է հայկական պետականութեան յետագայ զարգացումն ու հզօրացումը:

Երաժշտական կատարումներով հանդէս եկած է երգիչ Ռաֆֆի Հալէպլեան:

Scroll Up