Տեղի Ունեցաւ «Բանակում» Ճամբարի Փակման Արարողութիւնը
Սեպտեմբեր 23-ին Հանքաւան համայնքի «Անի Ռեզօրթ» հիւրանոցային համալիրի տարածին մէջ տեղի ունեցաւ ՍԴՀԿ Հայ մարմնամարզական միութեան սկաուտական շարժման կազմակերպած «Բանակում» ճամբարի փակման արարողութիւնը: Բացման խօսքով հանդէս եկան ՍԴՀԿ Հայաստանի շրջանային վարչութեան փոխատենապետ Վազգէն Մեսրոպեան, ՀՄՄ կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Միսաք Նաճարեան:
Բանակումի մասնակիցները ողջունեց նաեւ սփիւռքի փոխնախարար Դաւիթ Սարգսեան: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Այնչափ ուրախ եմ տեսնելու ձեզ Մայր Հայրենիքի մէջ: Շուրջ մէկդարեայ պատմութիւն ունեցող Հայ մարմնամարզական միութիւնն իր ձեռնարկներով ամուր պահած է հայկական համայնքները: Այս բանակումը Հայրենիքի մէջ անցնելը հայկական Սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ կապերն ամրապնդելու, դրական լիցքեր ստանալու եւ նոր մտայղացումներ իրականացնելու համար իւրօրինակ ազդակ է: Վստահ եմ, որ Հայ մարմնամարզական միութիւնը պիտի շարունակէ ազգապահպան ոգիով դաստիարակել բազմաթիւ սերունդներ, որոնք անմնացորդ կը ծառայեն ազգին եւ Հայրենիքին: Մենք մշտապէս սիրով կը սպասենք ձեզ եւ միասին, համատեղ ջանքերով պիտի շէնացնենք եւ առաւել հզօրացնենք մեր բոլորիս Հայաստանը»: