Սփիւռքի Նախարարն Ընդունեց Հայաստանի Մէջ Լիթուանիոյ Գործերու Ժամանակաւոր Հաւատարմատարը

Սեպտեմբեր 17-ին սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան ընդունեց Հայաստանի մէջ Լիթուանիոյ գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Նիտա Տալմանտայտէն:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար` հիւրը նշեց, որ Լիթուանիան եւս սփիւռք ունի, եւ այս ծիրին մէջ արժէքաւոր է հայկական սփիւռքի հետ տարուող աշխատանքերուն Հայաստանի փորձն ու ռազմավարութիւնը:

Զրոյցի ընթացքին Մխիթար Հայրապետեան անդրադարձ կատարեց սփիւռքի պատմութեան, նախարարութեան գործունէութեան, գործառոյթներուն, ռազմավարական ուղղութիւններուն: Նշեց, որ Հայաստանի մէջ իրականացուած թաւշեայ յեղափոխութենէն յետոյ սփիւռքի մէջ  կը տիրեն դրական տրամադրութիւններ, եւ այս տեսանկիւնէն կարեւոր են հայրենադարձութեան գործընթացի աշխուժացումն ու հայաստանեան գործընթացներուն սփիւռքի ներգրաւուածութեան մեծացումը:

Հանդիպման ընթացքին կողմերն անդրադարձան Լիթուանիոյ փոքրաթիւ հայկական համայնքի ներկայիս վիճակին:

 

Scroll Up