Երեւանը Զբօսաշրջիկներու Նախընտրած ԱՊՀ Քաղաքներու Հնգեակին ՄԷջ

Երեւան ԱՊՀ քաղաքներու հնգեակին մէջ է, որոնք կը նախընտրեն ռուսաստանցի զբօսաշրջիկներն աշնանային ճամփորդութիւններու համար: Համապատասխան վարկանիշը կազմած է «Տուրստատ»  վերլուծական զբօսաշրջային գործակալութիւնը:

Ըստ գործակալութեան, զբօսաշրջային ուղեւորութիւնները Երեւան միջինը 3 օրով կը կատարուին` ծախսելով կացութեան համար օրական մօտ 60 տոլար:

Ռուսաստանզի զբօսաշրջիկներու նախընտրած ԱՊՀ քաղաքներու տասնեակը` Մինսկ, Աստանա, Պաքու, Երեւան, Տաշքենտ, Ալմաթի, Պիշքեկ, Քիշնեւ, Տուշանբէ եւ Աշգաբադ:

Վարկանիշը կազմուած է ըստ 2018-ի աշնան պահանջուած ուղեւորութիւններու վերլուծութեան:

Scroll Up