«Սասունցիներու Պարը» Պալէն Կը Ներկայացուի Երեւանի Եւ Գիւմրիի Մէջ
Սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ` սեպտեմբեր 24-ին` ժամը 19:00-ին, Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ տեղի կ’ունենայ քանատաբնակ երգահան, արտադրող Մաժակ Թոշիկեանի «Սասունցիներու պարը» պալէի անդրանիկ ելոյթը, որուն հիմքին մէջ Ինկած է Գէորգ Էմինի համանուն պոէմը:
Բեմադրութեան հեղինակն է Գրիգոր Խաչատրեան, բալետմայստերներն են Արման Ջուլհակեան եւ Արա Ասատուրեան:
Ելոյթ կ’ունենան ՀՀ վաստակաւոր արուեստագէտ Սեւակ Աւետիսեան, երգչուհիներ Գոհար Յովհաննիսեան, Մելինէ Առաքէլեան, Նարինէ Ասոյեան, Մարիամ Զայանեան: Իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ «Նարեկ» պարային համոյթը (գեղ.ղեկ.` Ա. Ջուլհակեան) եւ «Արմէններ» հարուածային գործիքներու անսամպլը (գեղ.ղեկ.` Գ. Թամրազեան եւ Ա. Դաշեան):
«Սասունցիներու պարը» կը ներկայացուի նաեւ Գիւմրիի հանդիսատեսին հոկտեմբեր 13-ին` ժամը 18:30-ին` Վ. Աճեմեանի անուան պետական դրամատիկական թատրոնին մէջ:
Մուտքը` հրաւիրատոմսերով: