Այնճարցի Երիտասարդ Արուեստագէտներու Ցուցահանդէս
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 103-րդ տարեդարձի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 79-րդ ամեակի տօնակատարութիւններու ծիրէն ներս, 13 Սեպտեմբեր 2018-ի կ.ե. ժամը 6:00-ին, « Ս. Զէյթլեան» կեդրոնի «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Այնճարցի երիտասարդ արուեստագէտներու Գեղանկարչական ցուցահանդէսը՝ հովանաւորութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան և նախագահութեամբ Լիբանանահայ Վաստակաւոր արուեստագէտ՝ Ժագլին Օհանեանի:
Ցուցահանդէսը կազմակերպած էր Համազգայինի «Պ. Սեւակ» Մասնաճիւղը:
Ցուցահանդէսին կը մասնակցէին Այնճարի երիտասարդ արուեստագէտներէն Պետիկ Տուտագլեան, Կարպիս Քէնտիրճեան և Հուրի Մարգարեան:
Գիւղի հոգեւոր պետերը, Ցուցահանդէսի հովանաւոր արուեստագէտ՝ Ժագլին Օհանեան, Քաղաքապետ՝ Վարդգէս Խօշեան, Համազգայինի Լիբանանի շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ և արուեստագէտները կտրելով ժապաւէնը բացումը կատարեցին ցուցահանդէսին:
Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց ընկհ. Լալիկ Խօշեան: Ան գնահատեց երիտասարդ արուեստագէտներուն գործերը որոնք յաջողած են Գեղեցկութեան ու Ներդաշնակ գոյներու երանգաւորումով հրաշալի կերպարներու արտայայտութիւնը դրսեւորել ու հրամցնել մեզի: Շարունակելով ան ըսաւ թէ անոնց վրձինի հարուածները շատոնց ու քանիցս հոգիի և կեանքի ծիլեր անմահացուցած են կերպասեայ պաստառներու վրայ, որ ծնունդ առած է իրենց ներաշխարհէն ու ապրումներէն: Ան աւելցուց նաեւ որ այս ցուցահանդէսին յաւելեալ շունչի, կենսունակութեան և ուժի ներշնչարանը կը մնայ անոր բացումն ու նախագահութիւնը ստանձնած արուեստագէտ՝ Ժագլին Օհանեանի անձի էութիւնն ու արժանիքը:
Ընկերուհին իր խօսքի աւարտին հրաւիրեց արուեստագէտ՝ Ժագլին Օհանեանը որպէսզի փոխանցէ իր սրտին խօսքը:
Արուեստագէտ՝ Ժագլին Օհանեանը առաջին հերթին իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց որ իրեն պատիւը ընծայուած է բացումը կատարելու այս գեղանկարչական ցուցահանդէսին: Իր խօսքը ուղղելով երիտասարդ արուեստագէտներուն յայտնեց թէ արուեստը կ՛ազնուացնէ մարդու հոգին, դէպի բարին, դէպի լաւատեսութիւն, դէպի Աստուծոյ հաւատքին մօտեցումով. Ան իր մէջ կը պարփակէ ապրող իրողութիւններ ունի կեանք ու հոգի եւ ժամանակի վկայութիւն: Շարունակելով ան աւելցուց «շատ ուրախ եմ որ դո՛ւք, որպէս նոր սերունդ կը շարունակէք մեր ուղին, արուեստի ջահը միշտ վառ պահելով եւ դարերէ եկող մեր հայկական աւանդութիւններն ու արժէքները աւելիով դրսեւորելով ձեր ճշմարիտ եւ յարատեւ աշխատանքով: Ապրի՛ք դուք սիրելի երիտասարդներ կը մաղթեմ որ բարձր օրինակ դառնաք գալիք սերունդներուն թէ՛ Լիբանանի թէ՛ Հայութեան Համաշխարհային մակարդակով»:
Ապա գիւղի հոգեւոր հովիւ Տէր Միւռոն քհնյ. Աւետիսեան եւ « Պ. Սեւակ» մանսաճիւղի ատենապետ Վազգէն Գալոշեան յատուկ յուշանուէրով և ծաղկեփունջով պատուեցին արուեստագիտուհին:
Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: