ՀՕՄի Տարեկան 13րդ Փառատօնը՝ Սեպտեմբեր 29-30ին

Ասպարէզ- Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը, ընդառաջելով իր ժողովուրդի բուռն փափաքին՝ որոշած է վերսկսիլ իրականացնելու անհամբերութեամբ սպասուող տարեկան երկօրեայ իր փառատօնը, որուն կազմակերպչական դժուարին աշխատանքները վստահած է փորձառու միութենական անդամներէ կազմուած յանձնախումբի մը: Տօնական այս ձեռնարկը նուիրուած է ՀՕՄի Օրուան նշումին եւ նպատակ ունի հայկական մեր մշակոյթն ու աւանդութիւնները ներկայացնել հայկական եւ տեղական մեր համայնքներուն, որպէսզի անոնց ցոյց տայ մեր մշակութային հարստութիւնը, որ կը հանդիսանայ մեր ազգի ու հայրենիքի յարատեւման գլխաւոր առանցքը:

Այս տարի, երկօրեայ այս իւրայատուկ նախաձեռնութիւնը պիտի իրագործուի 29-30 Սեպտեմբեր 2018ի շաբաթավերջը, Կլենտէյլի «Սիվիք» հանդիսասրահի շրջափակին մէջ՝ 1401 N. Verdugo Road, Glendale, CA 91208: Փառատօնը բաց պիտի ըլլայ Շաբաթ, կէսօրէն ետք ժամը 1էն մինչեւ կէս գիշեր, իսկ Կիրակի օր, կէսօրէն առաջ ժամը 11էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:

Փառատօնի երկօրեայ յայտագիրը պիտի հրամցուի «Սիվիք» հանդիսասրահի երկրորդ յարկին վրայ. հայկական երգ ու պարի խանդավառ ելոյթներով, անոր մաս պիտի կազմեն շրջանի սիրուած երգիչներ ու ծանօթ պարախումբեր: Նաեւ, պիտի բեմականացուի հայկական աւանդական հարսանիք: Յայտագիրին մաս պիտի կազմէ նաեւ հայկական տարազներու ցուցադրութիւնը:

Ժրաջան մեր ՀՕՄուհիները, ոչ միայն երկու օրերուն հրամցուելիք համադամ ճաշերը պիտի պատրաստեն, այլեւ հաճոյքով անոնց վաճառքը պիտի կատարեն: Փառատօնի մուտքի նուէրն է 3 տոլար, իսկ տասը տարեկան եւ վար երեխաներու մուտքը՝ ազատ:

Հանդիսասրահի առաջին յարկին վրայ պիտի ցուցադրուին հայկական մեր մշակոյթն ու աւանդութիւնները ներկայացնող իրեր: Նոյն յարկին վրայ, յատուկ անկիւններ պիտի տրամադրուին շրջանի հայրենակցական միութիւններուն, որպէսզի ցուցադրեն իրենց յատկանշական իրերն ու ճաշերը: Հայկական մեր վարժարաններուն, քոյր միութիւններուն, հայկական եւ տեղական կազմակերպութիւններուն ու հաստատութիւններուն եւս պիտի յատկացուին յատուկ ան-կիւններ, որպէսզի անոնք կարենան իրենց քարոզչութիւնը կատարել:

Չմոռնալով մեր փոքրիկները, նոյն յարկին վրայ նաեւ անոնց համար նախատեսուած են յատուկ մանկական խաղեր, արուեստի աշխատանքներ եւ մր-ցումներ: Կը սպասուին նաեւ գեղեցիկ անակնկալներ:

ՀՕՄի 13րդ փառատօնի կազմակերպումով, մարդասիրական հսկայ այս կազմակերպութիւնը կու գայ յստակացնելու, թէ Հայ Օգնութեան Միութիւնը, ծառայական իր գործունէութեան առընթեր՝ նաեւ ջանք չի խնայեր պահպանելու մեր մշակոյթն ու աւանդութիւնները:

29-30 Սեպտեմբեր 2018ի շաբաթավերջին, Կլենտէյլի «Սիվիք» հանդիսասրահը թող

բոլորիս ժամադրավայրը հանդիսանայ, որպէսզի հաւաքաբար վերապրինք հայկական մեր հարազատ մթնոլորտը, վայելենք հայկական երգն ու պարը եւ յագենանք հայկական մեր մշակոյթով:

Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար, դիմել ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան գրասենեակ՝ հեռաձայնելով (818) 500-1343 թիւին, կամ՝ office@arswestusa.org ե-նամակի հասցէով:

ՀՕՄի ԱՄՆի Արեւմտեան շրջանը հիմնուած է 1984ին՝ իր կեդրոնատեղին ունենալով Քալիֆորնիոյ նահանգի Կլենտէյլ քաղաքին մէջ: Ան 26 մասնաճիւղերով մարդասիրական կազմակերպութիւն մըն է՝ չորս նահանգներու մէջ գործող աւելի քան 1200 անդամներով: Շրջանի ՀՕՄը ունի Ընկերային ծառայութեան բաժանմունք, հոգեբանական կեդրոն, միօրեայ վարժարաններ, ինչպէս նաեւ կը հովանաւորէ պատանեկան-երիտասարդական զանազան ծրագիրներ, կը տրամադրէ կրթական եւ այլ նպաստներ: Մանրամասնութիւններու համար, այցելել ՀՕՄի

www.arswestusa.org կայքը, կամ հեռաձայնել (818) 500-1343 թիւին:

Scroll Up