Մեծ Շուքով Նշուեցաւ Ռումանիոյ Կալաց Քաղաքի Ս. Աստուածածին Հայոց Եկեղեցւոյ 160-ամեակը

Սեպտեմբեր 9-ին ՌումանիոյԿալաց քաղաքի Ս. Աստուածածին եկեղեցին մարդաշատ էր: Ռումանիոյ տարբեր քաղաքներէն այստեղ  հաւաքուած էին հայ համայնքի եւ ռումանահայոց միութեան ներկայացուցիչներ եւ ուխտաւորներ:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Ռումանիոյ Հայոց թեմի մամլոյ դիւանէն, առիթը մէկն էր` մեծ շուքով տօնախմբելու Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ 160-ամեակը: Տօնական սուրբ Պատարագ կը մատուցէ թեմակալ առաջնորդ գերաշնորհ Տ. Տաթեւ եպիսկոպոս Յակոբեան, յաւարտ որուն իր պատգամը կը բերէ ներկայ ժողովուրդին` մասնաւորապէս նշելով. «Ուրախութեան, բերկրանքի ու ցնծութեան մէջ են բոլորիս հոգիները, քանզի շուրջ 160 տարիներ առաջ մեր նախնիները Կալաց քաղաքին մէջ վեր  խոյացուցած են հրաշակերտ մէկ եկեղեցի, որ կը կրէ Ս. Մարիամ Աստուածամօր անունը: Կալացի Ս. Աստուածածին եկեղեցին կառուցուած է 1858թ., գերմանացի ճարտարապետ Հերման Մասքէի նախագիծով: Խորհրդային տարիներուն թէեւ բազմիցս փորձ եղած է քանդել Կալացի հայոց եկեղեցին, սակայն Թեմակալ Առաջնորդ երջանկայիշատակ գերշ. Տ. Տիրայր արք. Մարտիկեանի միջամտութեան եւ պայքարի շնորհիւ եկեղեցին մնացած է կանգուն` շարունակելով բաց պահել իր դռները հաւատացելոց առջեւ մինչեւ այսօր: 2008 թ. բարեյիշատակ առաջնորդի գլխաւորութեամբ հանդիսաւորապէս նշուած է եկեղեցւոյ հիմնադրման 150-րդ տարեդարձը: Յոբելեանի առթիւ նորոգուած ու բարեկարգուած է եկեղեցին: Եւ ահա այսօր, շուրջ 10 տարի անց, դարձեալ կ՛ազդարարենք, որ հայոց եկեղեցին կանգուն է եւ կը շարունակէ իր հիւրընկալ դռները բանալ բոլոր հաւատացելոց առջեւ: Դեռեւս 1700 տարիներ առաջ, երբ քրիստոնէութիւնը ընդունեցինք որպէս պետական կրօն, անխախտ ուխտ կապեցինք Աստուծոյ հետ եւ դարերու փորձութիւններու մէջ հաւատարիմ մնացինք մեր այդ սրբազան ուխտին: Ոչինչ կրցաւ այս ուխտէն մեզի շարժել`ոչ արհաւիրք, ոչ հուր եւ ոչ սուր, ոչ թշնամիին կողմէ գործադրուած որեւէ բռնութիւն, անգամ նախորդ դարասկիզբին մեր ժողովուրդին հանդէպ իրականացուած ցեղասպանութիւնը, խորհրդային անաստուածութիւնը եւ ստալինեան բռնաճնշումները: Սիրելիներ, մեր յորդորն ու պատգամն է ձեզ, որ ամէն ջանք գործադրէք Ռումանահայ գաղութի զօրացման համար, ձեր ստեղծագործ աշխատանքով աւելցնէք հայու նուիրական անուան պատիւն այս քաղաքին եւ այս երկրին մէջ առհասարակ, շարունակողը ըլլաք այն մեծ գործին, որ ժառանգած էք ձեր հայրերէն, որպէսզի Հայ Եկեղեցին դառնայ այն նուիրական վայրը, այն կեդրոնը, ուր ամէն հայորդի պիտի գտնէ իր հոգիի մխիթարութիւնն ու երջանկութիւնը, ինչպէս այսօր: Համախումբ մնացէք մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ յարկի ներքոյ, որպէսզի եկեղեցւոյ Սուրբ Խորանէն ճառագող լոյսը միշտ լուսաւորէ ձեր կեանքի ճանապարհը, ձեր ընթացքը, ձեր գործերը դէպի բարին ու ազնիւը, դէպի արդարն ու գեղեցիկը, եւ դուք շարունակ սէր ու եղբայրութիւն վայելէք այս հողին վրայ` միշտ հաւատարիմ քրիստոնեայ մեր ժողովուրդի ստեղծարար նկարագրին»:

Կալացի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ 160-ամեայ յոբելեանի առիթով հրատարակութեան պատրաստուած էր տեղի հայ համայնքի ու եկեղեցւոյ պատմութիւնը ներկայացնող գրքոյկ: Այսօր թէեւ տեղի հայ համայնքը փոքրաթիւ է, բայց կը շարունակէ ապրիլ հայու ոգով, հայկական աւանդութիւններու պահպանմամբ ու շարունակմամբ:

Scroll Up