Հայաստանի ՄԷջ Կը Կայանայ Երիտասարդական Միջազգային Մեծ Նախագիծ
Օրերս Հայաստանի մէջ «Առաջնորդութիւն» (Leadership) խորագիրի ներքոյ կայացան հոկտեմբեր ամսուն ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԵԱՆ աջակցութեամբ եւ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՊԱԳԱՅ» (Bright Future) հոլանտա-հայկական հասարակական կազմակերպութեան (հ/կ) կողմէ նախագծուած երիտասարդներու գիտելիքներու եւ փորձի փոխանակման միջազգային մեծ նախագիծի նախապատրաստական աշխատանքները: Այս առիթով երկու օրով Հայաստան ժամանած էին ծրագիրի մասնակից պետութիւններու ներկայացուցիչները` խումբերու ղեկավարներ աշխարհի 7 պետութիւններէ (Հոլանտա, Աւստրիա, Գերմանիա, Սպանիա, Իտալիա, Ռուսաստան): Անոնց Հայաստանի մէջ միացան հայկական կողմի մասնակիցները:
Երիտասարդներու այս խումբն առաջին օրը անցուց Հայաստանի ազգային պոլիտեխնիքական համալսարանի Համակարգչային համակարգերու եւ ցանցերու ամպիոնի կողմէ իրենց սիրով տրամադրուած յարմարաւէտ լսարաններէն մէկուն մէջ` մանրամասն քննարկելով յառաջիկային կայանալիք երիտասարդական միջազգային նախագիծի բոլոր հնարաւոր մանրամասները: Երկրորդ օրը մասնակիցներն այցելեցին Բիւրական` նախագիծի իրականացման վայր` «Ամբերդ» հիւրանոցային համալիր, ինչպէս նաեւ հանդիպեցան ծրագիրին մէջ ներգրաւուած անձանց եւ գործընկերներուն, քննարկեցին նախատեսուող մեծ նախագիծին վերաբերող ծրագրային կարեւոր հարցեր: Բիւրական-Երեւան յետդարձի ճանապարհին հայաստանեան խումբի ներկայացուցիչներն իրենց արտասահմանցի գործընկերներուն հետ այցելեցին Սաղմոսավանք:
Հանդիպումներէն ետք երկիրներու պատուիրակութիւնները ծրագիրի գլխաւոր կազմակերպիչ «Լուսաւոր Ապագայ» (Bright Future) հոլանտական երիտասարդական հասարակական կազմակերպութեան իրենց վստահութիւնը յայտնեցին, նշելով, որ ծրագիրը հետաքրքիր եւ իւրայատուկ է եւ այն պիտի ըլլայ զանազան անակնկալներով լի ու պիտի առաջացնէ բաւականին մեծ հետաքրքրութիւն հասարակութեան տարբեր շերտերուն` թէ Հայաստանի, թէ՛ Եւրոպայի եւ թէ՛ Ռուսաստանի մէջ:
«Մեր երիտասարդական մասշտաբային միջազգային նախագիծի խորագիրը` «Առաջնորդութիւն», խորհրդանշական է` Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւններու տեսանկիւնէն: Անուանումը, իրականութեան մէջ, պատահականութիւն է. մենք սկսած ենք նախագծել այս ծրագիրը դեռ 2017թ. հոկտեմբերէն: Ծրագիրի հիմնական նպատակն է տարբեր ազգութիւններ ունեցող եւ տարբեր երկիրներ բնակող երիտասարդ մասնագէտներու եւ ուսանողներու մօտ ոչ-ֆորմալ ուսումնական մեթոտներու կիրառմամբ` զարգացնել առաջնորդին յատուկ որակներ եւ գիտելիքներ: Տարբեր գործնական խաղերու եւ ձեռնարկներու արդիւնքով մասնակիցները ձեռք կը բերեն առաջնորդի յատուկ գիտելիքներ եւ յատկանիշներ: Կ’ունենանք հանդիպումներ եւ փորձի փոխանակում յաջողակ եւ յայտնի մարդոց հետ` մարմնակրթութեան, քաղաքականութեան, լրագրութեան, գործարարութեան ասպարէզներուն մէջ: Մասնակիցները 7 օր կը գիշերեն «Միջազգային» սենեակներուն մէջ` Բիւրականի «Ամբերդ» հիւրանոցային համալիրին մէջ: Հարկ է նաեւ նշել, որ նախագիծն ինքնին գովազդ է` Հայաստանի, մեր հարուստ մշակոյթին եւ պատմութեան, խոհանոցին, հայ ազգի համախմբուածութեան: Ինչպէս նախորդ տարի, այս տարի եւս մեր ծրագիրը կրնայ ոչ միայն ուսումնական եւ տեղեկատուական բնոյթ կրել մասնակից այլազգի եւ սփիւռքահայ երիտասարդներու համար, այլ իր չափով նպաստել Հայաստանի հանդէպ սփիւռքահայ եւ օտարազգի երիտասարդներու հետաքրութեան, ինչպէս նաեւ` զբօսաշրջութեան զարգացման»,- մեզի հետ զրոյցին նշեց ծրագիրի ղեկավար, հոլանտական «Լուսաւոր Ապագայ»(Bright Future) հ/կ տնօրէն Մարիամ Կիրակոսեան:
Եօթօրեայ այս ծրագիրը թիւով երկրորդ նմանատիպ նախագիծն է Հայաստանի մէջ. նախորդ տարի վերոնշեալ հ/կ կողմէ իրականացուեցաւ այլ միջազգային նախագիծ` «Միջմշակութային հաղորդակցութիւն» թեմայով: Այն շատ դրական արձագանք ստացաւ թէ՛ մասնակիցներու, թէ՛ հայաստանեան ԶԼՄ-ներու եւ, ի հարկէ, Եւրոմիութեան կողմէ:
Ծրագիրի կազմակերպիչներն առաւել քան վստահ են, որ նմանօրինակ երիտասարդական նախագիծերը մեծ հարթակ կը հանդիսանան երիտասարդներուն` նոր կապեր ստեղծելու, թեմատիկ գիտելիքներ ստանալու, ինչպէս նաեւ իրարու ազգային առանձնայատկութիւններուն ծանօթանալու համար:
«Առաջնութիւն» խորագիրով այս միջազգային նախագիծը Հայաստանի մէջ կը մեկնարկէ ս/թ հոկտեմբեր 4-ին եւ կ’աւարտի հոկտեմբեր 10-ին: Կը մաղթենք երիտասարդներուն յաջողութիւն: Իսկ մենք դեռ կ’անդրադառնանք այս նախագիծին յաջորդիւ: