Հայաստան Արժանացած է ՆԱԹՕ-ի Հեռավար Ուսուցման Հաւաքի Մրցանակին

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան հեռավար ուսուցման աշխատանքային խումբը արժանացած է ՆԱԹՕ-ի վերափոխումներու դաշնակցային հրամանատարութեան կողմէ կազմակերպուած հեռավար ուսուցման հաւաքի առաջին մրցանակին:
Պաշտպանութեան նախարարութենէն կը նշեն, որ Սեպտեմբեր 5-7 տեղի ունեցած հաւաքին խումբը` «Գործընկերութիւն յանուն խաղաղութեան» ծրագրի տեղեկատուական կառավարման համակարգի եւ Գլոպըլնեթ ծրագրի համակարգող Դաւիթ Ղազարեանի գլխաւորութեամբ, ներկայացուցած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան հեռավար ուսուցման բնագաւառին մէջ արհեստական բանականութեան կիրառմամբ նորագոյն արհեստագիտական նուաճումը:
ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան հեռավար ուսուցման աշխատանքային խումբը 2016-ին նոյնպէս գրաւած էր առաջին տեղը: