Զարեհ Սինանեանի Գլխաւորութեամբ Կլենտէլի Պատուիրակութիւնն Այցելած Է Գիւմրի

Սեպտեմբեր 10-ին Շիրակի մարզ կ՛այցելէր Քալիֆորնիայէն Հայաստան ժամանած պատուիրակութիւնը` Կլենտէլի քաղաքապետ Զարեհ Սինանեանի գլխաւորութեամբ: Պատուիրակութեան, որուն կազմին էին նաեւ նահանգային սենատորներ, սկիզբը հանդիպած են մարզային իշխանութեան ներկայացուցիչները: Հիւրերը ողջունած է Շիրակի մարզպետ Կարէն Սարուխանեան: «Բարով եկած էք Շիրակի մարզ, դուք հիմա Հայաստանի հիւսիսը կը գտնուիք, մարզի մը մէջ, որ 1988-ի երկրաշարժին մեծ վնասներ կրած է, երկար տարիներու ընթացքին փորձած է մէջքը շտկել, բայց ընելիքներ դեռ ունինք, սակայն ձեզ կը վստահեցնեմ, որ հիմա ամէն ինչ կ՛ըլլայ մեր մարզի ու Գիւմրիի զարգացման միտուած նոր ձեռնարկներ որքան հնարաւոր է արագ կեանքի կոչելուն»,- նշած է Կարէն Սարուխանեան:
Զարեհ Սինանեանն ու անոր հետ Հայաստան ժամանած ծերակուտականները, պատուիրակութեան միւս անդամները շնորհակալութիւն յայտնած են ջերմ ընդունելութեան համար` նշելով, որ այցի նպատակը տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու բնագաւառին մէջ Քալիֆորնիա-Հայաստան կապերու հաստատումն է: «Մենք Շիրակի մարզ այցելած ենք, քանի որ գիտենք, որ Գիւմրին ունի արհեստագիտական կեդրոն, կը փորձենք ձեզ հետ քննարկել, ինչպէս նաեւ հանդիպումներ ունենալ ոլորտի ներկայացուցիչներուն հետ` հասկնալու հնարաւոր համագործակցութեան ուղղութիւնները»,-ըսած է Կլենտէլի քաղաքապետ Զարեհ Սինանեան:
Շիրակի մարզպետը նշած է, որ սիրոյ եւ հանդուրժողականութեան յեղափոխութենէն յետոյ երկրին մէջ իրավիճակը փոխուած է, որ նպաստած է մեր երկրի նկատմամբ վստահութեան բարձրացման, ինչ կը վերաբերի Շիրակի մարզին, ապա, ըստ Կարէն Սարուխանեանի, մարզային իշխանութեան ներկայացուցիչները պատրաստ են համագործակցութեան բոլոր բնագաւառներուն մէջ եւ ամէն ինչ պիտի ընեն նոր ներդրողներ դէպի Շիրակի մարզ բելելու համար:
Կողմերը պատրաստակամութիւն յայտնած են առաւել գործնական ծրագիրներով հանդէս գալու, իսկ հանդիպման աւարտին փոխանակուած են յուշանուէրներով: