Այս Անգամ Որ Եկայ Հայաստան, ժողովուրդի Երեսին Ժպիտ Տեսայ. Սփիւռքահայ Նկարչուհի

Ամրան Հայաստան կ՛այցելեն մեծ թիւով սփիւռքահայ արուեստագէտներ, ոմանք` զբօսաշրջիկի կարգավիճակով, ոմանք ալ յատուկ հայրենիք կու գան ներկայացնելու իրենց արուեստը` հանդէս կու գան երեւանեան բեմահարթակներով, գիրքեր կը տպագրեն, ցուցահանդէսներ կը բանան:

Վերջերս աւստրալահայ խումբ մը նկարիչներ ներկայացուցած են իրենց ստեղծագործութիւնները: Անոնցմէ մէկը` Շաքէ Վարդանեան «Ազատութեան» հետ զրոյցի ընթացքին շեշտած է, որ ամէն անգամ երբ Հայաստան կու գայ զինք կը հիացնեն տեղի նկարիչներու ստեղծագործութիւնները, որոնք, անոր համոզումով, այստեղ, ցաւօք, շատ ցած կը գնահատուին:

«Հոյակապ, շատ գեղեցիկ տաղանդներ կան Հայաստան: Ես կ՛երթամ Վերնիսաժ կամ Սարեանի հրապարակ` նկարներ կը տեսնեմ։ Այդ նկարը, որ այդքան աժան կը վաճառեն, ես կը կարծեմ` մեր մօտ 10 հազար տոլարով կը վաճառուի, իսկ հոս, օրինակ, 100 տոլար, կամ 120 տոլար․․․։ Կը  տխրիմ, որ այսպիսի տաղանդներ կան, եւ այդ նկարները ստիպուած են այսքան քիչ արժէքով վաճառել, կամ նոյնիսկ չի ալ վաճառուիր: Այսինքն, աչքը չկայ, որ տեսնէ», – նշած Վարդանեան։

Ուշագրաւ է, սակայն, որ Շաքէ Վարդանեանի դիտարկմամբ` մեր գեղանկարիչները կը վախնան մեծ կտաւներ ստեղծելէ, երբ, ըստ անոր, այսօր ատոնց պահանջարկը արուեստասէրներու կողմէ աւելի մեծ է: «Այստեղի նկարիչները մեծ պաստառի վրայ չեն նկարեր: Նկարիչները այստեղ պիտի աւելի համարձակութիւն ունենան, անվախ ըլլան, որ մեծ պաստառի վրայ գործեն, որովհետեւ զբօսաշրջիկները, որոնք կու գան շատերը շատ փող ունին եւ իրենց երկիրներուն մէջ` Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Սպանիոյ, սիրուն մեծ տուներ ունին` մեծ պատերով, եւ շատ-շատ կը ցանկամ, որ մեր արուեստագէտները համարձակ ըլլան, մեծ պաստառի վրայ գործեր ընեն։ Մի մտածէք, որ մեծ է, տանողը չի կրնար տանիլ: Եթէ դուք կը գործէք աշխատանքի մը, ձեր միտքը, ձեր տաղանդը կը դրսեւորէք, մի վախնաք, մեծի վրայ գործեցէք, եւ ատիկա լաւ կը վաճառուի: Այս փոքրիկ նկարները մեծ պատի վրայ գեղեցիկ չեն ըլլար», – նշած է աւստրալահայ նկարչուհին:

Շաքէ Վարդանեան կ՛ըսէ, որ կ՛ուզէ Նկարիչներու միութեան մէջ աւելի շատ ըլլան ժամանակակից գեղանկարիչներու ցուցահանդէսները, յատկապէս` սփիւռքահայ գեղանկարիչներու։ Կ՛ուզեմ, որ Հայաստանի մէջ նկարիչները մեծ յարգանք վայելեն եւ արժանապատիւ ապրին: Յատկապէս երիտասարդ արուեստագէտներուն պէտք է շատ աջակցիլ, բայց ոչ թէ խնամի-բարեկամական կապերը դիտարկելով, այլ տաղանդն ու մասնագիտական ունակութիւնները հաշուի առնելով: Եւ ի հարկէ, ոչ միայն արուեստի բնագաւառին, այլեւ ողջ երկրի մէջ առհասարակ:

«Հիմա երիտասարդ ուժեր, ուրիշ երկիրներու նման, պէտք է իրենց մասնագիտութեամբ աշխատին։ Իւրաքանչիւրը իր մասնագիտութեամբ աշխատի, որ երկիրը առայ երթայ»,- ընդգծած է ան:

Շաքէ Վարդանեան ըսած է, որ Հայաստանի մէջ շատ լաւ փոփոխութիւններ կը տեսնէ: «Այս անգամ որ եկայ Հայաստան, ժողովուրդի երեսին ժպիտ տեսայ, առաջ շատ չէի տեսներ ժպիտ: Մանաւանդ վարորդները միշտ կը դժգոհէին, բայց հիմա ժպիտ կայ, խանութ կ՛երթաս` կը ժպտին, ժողովուրդի տրամադրութիւնը աւելի լաւ է: Երբ որ դու կը ժպտիս, ինքդ ալ կ՛ուրախանաս: Ժպիտը շատ կարեւոր է», – ընդգծեց ան:

Scroll Up