Սեպտեմբեր 8-ին, Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ Ա.Մ.Ն. Արեւելեան թեմի Ազգային Եկեղեցական Ժողովը։ Օրակարգի միակ նիւթն էր նոր Առաջնորդի ընտրութիւնը։ Ընտրութեան իբրեւ արդիւնք՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան եպս. Դանիէլեան 39 քուէով ընտրուեցաւ թեմի նոր Առաջնորդ։
Նորընտիր Առաջնորդը 1995-էն մասնակի, իսկ 2005-էն լիիրաւ Առաջնորդական փոխանորդի պաշտօնը կը վարէր։
Անուշաւան եպս. Դանիէլեան ծնած է Պէյրութ, 1951-ին։ Աւազանի անունով՝ Թորգոմ։ Աւարտած է Անթիլիասի դպրեվանքը։ 1972-ին ձեռնադրուած է կուսակրօն քահանայ, իսկ 1974-ին՝ վարդապետ։ 1988-ին ստացած է վարդապետութեան 12 աստիճանները (ծայրագոյն վարդապետութիւն), իսկ 2006-ին ձեռնադրուած է եպիսկոպոս։ 1972-1984-ին ծառայած է Լիբանանի մէջ՝ եկեղեցական եւ ուսուցչական տարբեր պաշտօններով, միաժամանակ աստուածաբանութեան մագիստրոսի տիտղոսը ստանալով Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական Ճեմարանէն։ 1984-էն իր ծառայութիւնը շարունակած է Միացեալ Նահանգներու արեւելեան ափը, ուր հովուական, եկեղեցական եւ ուսուցչական պաշտօններու կողքին, շարունակած է իր ուսումը։ 1985-ին աստուածաբանութեան մագիստրոսի երկրորդ տիտղոսը ստացած է Փրինսթընի աստուածաբանական ճեմարանէն, իսկ 2003-ին՝ տոքթորայի տիտղոսը Գոլումպիա համալսարանէն, իբրեւ աւարտաճառի նիւթ ներկայացնելով Ներսէս Լամբրոնացիի «Մեկնութիւն Սողոմոնի» երկին քննական բնագիրը։