«Վարդանի Ասպետներ»ը Հայաստանի Մէջ Երկու Բնակարաններու Կառուցումը Կը Հովանաւորէ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2018/09/0000KV-Khangeldyan-family-and-Fuller.jpg)
«Ասպարէզ»- Շարունակելով Հայաստանի մէջ կարիքաւոր ընտանիքներու համար բնակարաններ կառուցող «Ֆուլըր» բարեսիրական կազմակերպութեան հետ 2008ին սկսած համագործակցութիւնը՝ «Վարդանի Ասպետներ» կազմակերպութիւնը իր 100րդ ընդհանուր ժողովին ընթացքին որոշեց՝ ի յիշատակ հանգուցեալ Տաճատ Ա. քհյն. Դաւիթեանի 21,000 տոլար տրամադրել «Ֆուլըր»ին, Հայաստանի մէջ երկու բնակարաններ կառուցելու նպատակով։
Այս նուիրատուութեան շնորհիւ, «Վարդանի Ասպետներ»ու եւ «Ֆուլըր»ի համատեղ ջանքերով Հայաստանի մէջ կառուցուած կամ նորոգուած բնակարաններուն թիւը պիտի հասնի 12ի, իսկ այս տարուան նուիրատուութիւնը որոշուած է կատարել ի յիշատակ Տաճատ Ա. քհյն. Դաւիթեանի, որովհետեւ ան կապը եղած էր երկու կազմակերպութեանց միջեւ։
«Ֆուլըր» բարեսիրական կազմակերպութեան կողմէ Հայաստանի մէջ տարուող գործունէութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.fcharmenia.org կայքը, իսկ «Վարդանի Ասպետներ» կազմակերպութեան կայքի հասցէն է http://kofv.org։