ՀՀ Նախագահը Ընդունած Է Երեւանի «Թէքէեան Կեդրոն» Հիմնադրամի Նախագահ Ընկ. Վարդան Ուզունեանը

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, Հինգշաբթի, 6 Սեպտեմբեր 2018ին իր նստավայրին մէջ ընդունած է  Հայաստանի «Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ ընկ. Վարդան Ուզունեանին: Ընկ. Ուզունեանին ընկերակցած են Հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ՝ Ընկ. Բագրատ Նազարեան  եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան շրջանակներու Երեւան գտնուող ներկայացուցիչներ:

Բարի գալուստ մաղթելով անոնց՝ նախագահ Սարգսեան ըսած է, որ միշտ ալ հաճելի է հանդիպիլ հին բարեկամներու հետ:

Հանդիպումը առիթ մը եղած է, որ զրուցակիցները միտքեր փոխանակեն «Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամի կողմէ իրականացուող ծրագիրներուն եւ ապագային համար նախատեսուող ձեռնարկներուն մասին:

Scroll Up