Արմէն Բայբուրդեան Կը Նշանակուի Լոս Անճելըսի Մօտ Հայաստանի Գլխաւոր Հիւպատոս

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի Սեպտեմբեր 6ի հրամանով, Արմէն Վահանի Բայբուրդեանը նշանակուած է Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս:

Արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Բայբուրդեան Լոս Անճելըսի հիւպատոս նշանակուած էր նաեւ 1995-1997 թուականներուն: Ան եղած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ (1997-2000), իսկ Ինտոնեզիոյ, Սրի Լանքայի եւ Նեփալի մէջ համատեղած է դեսպանի պաշտօնը:

Scroll Up