Սփիւռքի Եւ Կրթութեան Նախարարութիւններու Արձագանքը Չուշացաւ

Վրաստանի Նինոծմինտայի քաղաքապետարանի աւագանի նախագահ Սումբատ Կիւրեղեան նամակ  գրած էր Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանին՝ 1997-2004թթ. պետական հաւատարմագրում չունեցող Երեւանի տնտեսաիրաւագիտական համալսարանի բժշկական քոլեջի վկայական ունեցող  խումբ մը շրջանաւարտներու,  որոնք կ՛աշխատին տարբեր գիւղերու, պետական նմուշի վկայական տրամադրելու հարցով աջակցելու խնդրանքով: Նինոծմինտայի բնակիչները տեղեկացուած չեն եղած ատեստաւորման քննութիւններու յանձնման ժամկէտներուն մասին, որուն պատճառով աշխատանքը կորսնցնելու վտանգի առջեւ  կանգնած են:

«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ, խնդրին ծանօթանալէ ետք ՀՀ սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան դիմած է Կրթութեան նախարար Արայիկ Հարութիւնեանին՝ քննարկելու բարձրացուած հարցը:

Վերջինս դրական արձագանք  գտած է նախարարութեան մէջ եւ ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարի հրամանով փոփոխութիւն  կատարուած է ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարի 2015 թուականի մարտ 27-ի «Պետական հաւատարմագրում չունեցող միջին մասնագիտական կրթական ծրագիրով կրթութիւն ստացած անձանց պետական ամփոփիչ ատեստաւորման կազմակերպման եւ անցկացման կարգը հաստատելու մասին» հրամանին մէջ, եւ պետական ամփոփիչ ատեստաւորման գործընթացի կազմակերպումը երկարաձգուած է եւս մէկ տարիով (2018/2019):

Սփիւռքի նախարարութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ Կրթութեան նախարարութեան՝ արագ արձագանքելուն եւ հարցին դրական լուծում տալու համար:

 

Scroll Up