ՀՄԸՄի «Շանթ» Մասնաճիւղը Տօնեց Հիմնադրութեան 25ամեակը
«Ասպարէզ»- ՀՄԸՄի Քրեսենթա Հովիտի «Շանթ» մասնաճիւղը Շաբաթ, 25 Օգոստոսի երեկոյեան, Պըրպենքի «Քէսթըուէյ» ճաշարանին մէջ պաշտօնական հանդիսութեամբ մը տօնեց իր հիմնադրութեան 25րդ տարեդարձը:
Յանուն Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, հանդիսութեան ներկայ եղաւ Քրեսենթա Հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեան եւ փոխանցեց առաջնորդ սրբազանին օրհնութեան ու գնահատանքի խօսքը: Ներկայ էին ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան, Քրեսենթա Հովիտի ՀՅԴ «Զաւարեան» կոմիտէութեան ներկայացուցիչներ եւ այլ ներկայացուցչական դէմքեր:
Հանդիսութիւնը սկսաւ մասնաճիւղի սկաուտներու դրօշակի արարողութեամբ եւ Ամերիկեան ու Հայկական քայլերգներով: Բացման խօսքը արտասանեց Րաֆֆի Համբարեան, որ ապա, մասնաճիւղի ատենապետուհի Թամար Քայփէքեանի հետ միասին կատարեց հանդիսավարութիւնը: Տէր հայրը հրաւիրուեցաւ կատարելու բացման աղօթքը եւ սեղաններու օրհնութիւնը: Ան նաեւ ընթերցեց 25ամեակին առիթով առաջնորդ սրբազանի օրհնութեան ու գնահատանքի խօսքը:
Ողջունելէ ետք մասնաճիւղի վարչութիւնն ու անոր կողքին գործող սկաուտական, մարզական, մշակութային եւ այլ միաւորները, որոնք, առաջնորդին խօսքով՝ «ՀՄԸՄի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան գօտիի Շրջանային վարչութեան հովանիին տակ, ահաւասիկ 25 տարիներու պատմութիւն մը կերտած են Քրեսենթա հովիտի մեր գաղութին մէջ եւ յարաճուն կենսունակութեամբ իրենց աչքերը սեւեռած են դէպի նոր բարձունքներ», առաջնորդը վեր առաւ այս մասնաճիւղին շինիչ դերակատարութիւնը՝ նշելով, որ անիկա իր կազմութեան առաջին իսկ օրէն, լծուած է այս օճախի պատանի ու երիտասարդ սերունդներուն հայեցի ու քրիստոնէական կազմաւորման վսեմ առաքելութեան, ստեղծած է ընտանեկան առողջ մթնոլորտ, պատանիներուն ու երիտասարդներուն ընծայելով ծնողական սէր ու ազնիւ դաստիարակի գուրգուրանք: Ան կը գնահատէր մասնաճիւղի անդամներուն թիւի աճն ու «Նաւասարդեան» խաղերուն ձեռք բերած պատուաւոր արդիւնքները, որոնք արդիւնք են ՀՄԸՄական սկզբունքներով տրուած դաստիարակութեան: Ան նաեւ գոհունակութիւն կ՛արձանագրէր, որ այս տարեդարձը կը զուգադիպի ՀՄԸՄի 100ամեակին եւ մասնաճիւղը կը մղէ դէպի նոր իրագործումներ ու վերելք:
Առաջնորդը եզրափակեց՝ շնորհաւորական խօսքեր ուղղելով ՀՄԸՄի ընտանիքին, Շրջանային ու մասնաճիւղի վարչութիւններուն, օրհնելով հիմնադիրներուն ու նուիրեալ ծառայողներուն վաստակը եւ մաղթելով ծրագիրներու յաջողութիւն:
Խօսք առաւ նաեւ ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Փիեռ Մանուկեան, որ գնահատանքով արտայայտուեցաւ մասնաճիւղի գործունէութեան մասին:
Պաշտօնական յայտագիրէն ետք, երեկոն շարունակուեցաւ խրախճանքով: