ՀՀ Վարչապետը Պիտի Հանդիպի Վլատիմիր Փութինին

Յառաջիկային ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պիտի մեկնի Մոսկուա եւ հանդիպում պիտի ունենայ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:
Այս մասին` Սեպտեմբեր 2-ին ըսած է Նիկոլ Փաշինեան` ֆէյսպուքեան ուղիղ եթերի ընթացքին:
«Յառաջիկային ես պիտի մեկնիմ Մոսկուա, պիտի հանդիպիմ Վլատիմիր Փութինի հետ: Ատիկա պիտի ըլլայ իմ երրորդ այցը: Բազմաթիւ հարցեր պիտի քննարկենք: Չեմ ըսեր, որ բոլոր հարցերը լուծուած են, բայց մեր համագործակցութիւնը կը շարունակուի եւ համոզուած եմ, որ բնականոն կերպով պիտի շարունակուի»,- ըսած է Փաշինեան: