Լոս Անճելոսի Իրանահայերու Միութեան Երգչախումբի Տարեկան Փառաշուք Երգահանդէսը

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

Շաբաթ, Օգոստոս 25, 2018, երեկոյեան ժամը 7-ին, Կլենտթլի Երիցական եկեղեցւոյ շատ գեղեցիկ սրահին մէջ, ներկայութեամբ երաժշտասէրներու հոծ բազմութեան, տեղի ունեցաւ Իրանահայերու Միութեան Լուտովիկա եւ Հակոբ Այնթապլեան կրթական եւ մշակութային կեդրոնի երգչախումբի, 38րդ տարեդարձի հոյակապ երգահանդէսը:

Այդ օրը պարզ երգահանդէսէ մը աւելի, հայ երգի իսկական փառատօն մըն էր, ուր հին, բայց՝ բնաւ չհինցած երգերու սքանչելի հրավառութիւն մըն էր տեղի ունեցածը: Իւրաքանչիւր երգ ոչ միայն կը խռովէր ներկայ հանդիսականներու հոգիները, այլ կ’արժանանար անոնց ջերմ եւ երկարատեւ ծափերուն:

Ի բաց առեալ երկու երգերէ, յայտագրի Ա. եւ Բ. բաժինները, ամբողջութեամբ մշակումներն էին հայրենի երգի-պարի Անսամպլի՝ հայ երգի լուսաշող եւ անմար աստղերէն՝ Խաչատուր Աւետիսեանի:

Հիշենք, որ վերջին տարիներուն, այս հոյակապ խումբի ղեկավարն է, նոյնինքն Խաչատուր Աւետիսեանի զաւակը՝ Միքայէլ Աւետիսեանը:

* * *

Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան նախագահ՝ ազգային-հասարակական երիտասարդ եւ բեղուն գործիչ՝ Յովիկ Գաբիկեանի բացման եւ բարի գալուստի ջերմ խօսքերով ընթացք տրուեցաւ յայտագրին:

Այդ գիշեր երգչախումբի կատարումներուն կը մասնակցէր «Գորանի» ժողովրդային նուագախումբը, որ իր գեղեցիկ ներդրումը ունեցաւ հանդէսի ողջ տեւողութեան:

Հանդիսականները մեծագոյն հաճոյքով ըմբոշխնեցին 22 խմբային եւ անհատական, գուսանական եւ ժողովրդական համով-հոտով երգերու շարան մը, արժանանալով ժողովուրդի որոտընդոստ եւ խելահեղ ծափահարութեանց: Առաջին մասին մէջ երգուեցան՝ «Տօն Վարդավառ», «Էրզրումի շորոր», «Եար քելէ նազով» (մենակատար Վեհանձն Գասպարեան), «Ջաղացս պատիկ-պատիկ», «Էսօր Շաբաթ էղնիր» (մենակատար Վահան Լաքս), «Փնջլիկ-մընճլիկ», «Կարօտ» (մենակատար Սիլվա Թորոսեան), «Սէր իմ սիրուն ես», «Վասպուրականի երգեր» (մենակատար Հրայր Եղիայեան), «Հանինա նինա նինա»:

Իսկ երկրորդ մասին մէջ երգուեցան՝ «Զով գիշեր», «Կարփի ծերին մորի է» (մենակատար Սիլվա Թորոսեան), «Մոկաց հարսներ» (մենակատար Ռաֆֆի Դաւիթեան), «Քոչարի թո» (պարսկերէն, մենակատար Ռաֆֆի Դաւիթեան), «Սաղի» (պարսկերէն, մենակատար Օննիկ Սիմոնեան), «Եար քո բարակ պոյին մեռնեմ», «Զեփիւռ բարեւ տար» (մենակատար Հերմինէ Ամիրեան), «Մարալ ջան հեզ արի» (մենակատար Հերմինէ Ամիրեան), «Նինօ», «Տարօնի գորանի»:

Ժողովուրդը մեծագոյն խանդավառութեամբ եւ լիաթոք կը մասնակցէր երգչախումբի երգերուն:

Արդարեւ, գուսանական եւ ժողովրդական կոչուող երգերուն վրայէն որքան ժամանակը անցնի, այս գեղեցիկ երգերը, գինիի նման աւելի կը քաղցրանան եւ կ’արժեքաւորուին:

Սփիւռքի մէջ հայ երգը միշտ ալ եղած է մեր ժողովուրդի ուրախ, տխուր, յուզումներ յառաջացնող, հայրենասիրական ոգի ներարկող, ազգապահպանման, ազգակերտման կարեւոր ազդակներէն մին: Որքան հայ երգ լսենք եւ երգենք, այդքան մօտ կ’ըլլանք մեր ազգային արմատներուն, ակունքներուն եւ հայրենիքին:

Եկէք միշտ վառ եւ կենդանի պահենք հայ երգը մեր տուներէն ներս եւ մեր նորահաս զաւակներուն սիրտերուն եւ հոգիներուն մէջ: Թող մեր երիտասարդներուն շրթունքներէն անպակաս ըլլայ հայ երգը:

Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան նախագահ՝ Յովիկ Գաբիկեանի փակման ջերմ եւ խանդավառ խօսքերով ու գնահատանքներով վերջ գտաւ, այս իրապէս հաճելի ձեռնարկը:

Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Իրանահայ Միութեան երգչախումբը, մաղթելով թէ՛ երգիչ-երգչուհիներուն եւ թէ խումբի ղեկավարներուն՝ նորանոր յաջողութիւններ:

Scroll Up