ՀԲԸՄ-ի Ասպետներու Համախմբումը Կը Միանայ Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի «100 Սիւներ» Արշաւին

ՀԲԸՄ-ի Լոս Անճելըսի Ասպետներու համախմբումի վարչութիւնը, օգտուելով Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի նախագահ դոկտ. Արմէն Տէր Կիւրէղեանի Քալիֆորնիա այցելութենէն՝ Օգոստոս 11-ին կազմակերպեց մտերմիկ հանդիպում մը, առիթ ընծայելով մօտաւորապէս 40 հրաւիրեալներու, որ համալսարանի ներկայ իրավիճակին եւ ապագայ բարգաւաճման կարելիութիւններուն մասին զրուցեն անոր նախագահին հետ։ Այս մասին կը հաղորդէ “Ասպարէզ”-ը։

Հանդիպման ընթացքին պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ ՀԲԸՄ-ի Լոս Անճելըսի Ասպետներու համախմբումը որոշած է դառնալ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի «100 Սիւներ» արշաւի մասնակիցներէն մէկը։

Յիշեցնենք, որ «100 Սիւներ» նախաձեռնութեան մասնակիցները յաջորդական հինգ տարուան ընթացքին 50,000 տոլար կը նուիրեն համալսարանին՝ նեցուկ կանգնելու համար անոր կրթական եւ կրթանպաստի զանազան ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ անոր ընդհանուր բարգաւաճման։

Ընկերային մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հաւաքին ընթացքին, ՀԲԸՄ-ի Ասպետներու համախմբումի վարչութեան ատենապետ Համբիկ Հէրի Սինանեան բարձրօրէն գնահատեց համալսարանին ունեցած դերակատարութիւնը՝ Հայաստանի բարգաւաճման նպաստելու ջանքերուն մէջ, յատկապէս՝ երկրին ապագայ ղեկավարները պատրաստելու գծով։

Խօսք առաւ նաեւ ՀԲԸՄ-ի Ասպետներու վարչութեան նախկին ատենապետ տոքթ. Յարութ Եաղսըզեան, որմէ ետ, համալսարանին անունով՝ ՀԲԸՄ-ի Ասպետներուն շնորհակալութիւն յայտնեց համալսարանի նախագահ դոկտ. Արմէն Տէր Կիւրէղեանը՝ վարչութեան ատենապետէն ստանալով նուիրատուութեան առաջին մասը։

Հանդիպումին ներկայ եղաւ նաեւ նոյն համալսարանի Լոս Անճելըսի գրասենեակի զարգացման հարցերով փոխտնօրէն Մարիանա Աճէմեանը։ Նշեալ գրասենեակը կը գտնուի Կլենտէյլի Իրանահայ միութեան կեդրոնէն ներս։

Ընթրիքէն ետք, ներկաները իրենց հարցումները ուղղեցին դոկտ. Արմէն Տէր Կիւրէղեանին։ Հարցումները կը վերաբերէին համալսարանին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ներկայ իրավիճակին։ Դոկտ. Տէր Կիւրէղեանի պատասխանները մեծ յոյսեր ներշնչեցին, թէ Հայաստանը կը գտնուի ճիշդ ճամբուն վրայ։

Scroll Up