ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի Գնահատելի Տարեկան Բանակումը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2018/08/Antranik2-1.jpg)
Սկաուտական կեանքի ամենահաճելի պահերը անկասկած տարեկան մեծ բանակումը եւ անոր յաջորդող խարուկահանդէսի արարողութիւններն են:
ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի խմբապետական կազմերը եւ բարձրագոյն խմբակները, Հինգշաբթի, 2 Օգոստոս 2018-ին, Զապէլ Մովսէսեան կեդրոնէն մեկնեցան այս տարուան բանակումին վայրը՝ Ռաս Էլ Մեթն: Բոլորը միասնաբար, հաւաքական աշխատանքով պատրաստեցին բանակավայրին կայմը, խոհանոցը, ապահովեցին բանակավայրին լուսաւորութինը, լարեցին վրանները եւ լուծեցին յարակից այլ հարցեր:
Ուրբաթ, 10 Օգոստոս 2018-ի երեկոյան, բանակավայր այցելեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան տիար Սամուէլ Մկրտչեանը, որ նախապէս պատրաստակամութիւն յայտնած էր գիշերելու սկաուտներուն հետ, վայելելու չքնաղ բնութիւնը եւ սկաուտական առօրեայի ընկերային ջերմ մթնոլորտը:
Դեսպանը դիմաւորեցին ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեանը, եւ անդամներ՝ Արթուր Գունտաքճեանը, Յակոբ Թելվիզեանը, Գէորգ Սանթուրեանը, ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի Գործադիր Մարմինի ատենապետ տոքթ Վարուժան Մարկոսեանը, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Վեթերան սկաուտներու համախմբումը, ատենապետուհի Մայտա Քիւրեճեանի գլխաւորութեամբ եւ այլ վարչականներ:
Դեսպանին այցելութիւնը իւրայատուկ էր այն իմաստով, որ առաջին անգամ ըլլալով դիւանագիտական ընտանիքի անդամ մը կ’այցելէր եւ կը գիշերէր բանակավայրին մէջ: Դեսպանը ՀԵԸ-ի սկաուտական տարազով շրջեցաւ բանակավայրը, եւ զրուցեց սկաուտներուն հետ եւ մասնակցեցաւ կրակի շուրջ «վէյէ»ին: Այս առիթով, Վիգէն Չերչեան, Յակոբ Թելվիզեան եւ Գէորգ Սանթուրեան շնորհակալութիւն յայտնեցին դեսպանին: Դեսպանը խօսքը ուղելով սկաուտներուն ըսաւ. «Սկաուտ լինելը յանձնառութիւն է ողջ կյանքի համար: Ով դարձել է սկաուտ, երբեք չի դադարում լինել սկաուտ: Եւ երբեք ուշ չէ սկաուտների շարքերին միանալու համար»: Ան յաջողութիւն մաղթեց ՀԵԸ-ի սկաուտական շարժումին:
Դեսպանին այցելութեան առիթով, ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի ծնողաց վարչութիւնը կազմակերպեց ընթրիք:
Բանակավայրին առօրեայն ճոխ է տեսակաւոր յայտագիրներով: ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի արծուիկները արշաւ մը կազմակերպեցին բանակավայրին մօտակայ գիւղերը: Գայլիկները եւ արենուշները նոյնպէս: Սկաուտները երեք խումբերու բաժնուելով տարբեր ուղղութիւններով արշաւելով ծանօթացան տարբեր գիւղերու բնակիչներուն, յիշարժան վայրերուն:
Սկաուտական բոլոր խումբերը կազմակերպեցին երդման արարողութիւններ:
Երեկոյները բանակավայրին մէջ տեղի կ’ունենային խմբային խաղեր, երգեր, խմբային զրոյցներ:
Կիրակի, 19 Օգոստոս 2018-ին, խարուկահանդէսի օրը, բանակավայր ժամանած էին, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը եւ անդամներ, SDL-ի եւ AEL-ի ներկայացուցիչներ, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի եւ ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի Գործադիր Մարմիններու վարչութիւնները, ՀԵԸ-ի Վեթերան սկաուտական համախմբում վարչութիւնը, ծնողաց եւ այլ վարչութիւններու անդամներ, միութենականներ, հիւրեր, ծնողներ, հոծ թիւով ներկաներ:
Բանակումի կայմին վրայ կը ծածանէին Լիբանանի, Հայաստանի, «Սքութ տիւ Լիպանի», ՀԲԸՄ- ՀԵԸ-ի դրօշները:
ՀԵԸ Անդրանիկ փողերախումբին կատարողութեամբ կայմին առջեւ տողանցելով իրենց տեղերը հերթաբար գրաւեցին ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի թիթեռները, խմբապետուհի՝ քոյր Սթեֆանի Քոթահլեանի գլխաւորութեամբ:
Գայլիկները, խմբապետուհի՝ քոյր Միրէյ Թօսունեանի եւ փոխխմբապետուհի՝ Միրէլլա Նիկոլեանի գլխաւորութեամբ:
Արծուիկները, խմբապետուհի՝ քոյր Լուչիանա Գարապաճաքեանի եւ փոխխմբապետուհի՝ քոյր Գարմէն Գրաճեանի գլխաւորութեամբ:
Սկաուտները, խմբապետ՝ եղբ. Ժիրայր Թօսունեանի գլխաւորութեամբ:
Արենուշները ընդհանուր խմբապետուհի՝ քոյր Զենա Քարամ, փոխխմբապետուհի՝ քոյր Սոֆի Պչաքճեանի գլխաւորութեամբ:
Քառավելները, խմբապետուհի՝ քոյր Գալին Առաքելեանի,փոխխմբապետուհի՝ քոյր Ալին Սէֆէրեանի գլխաւորութեամբ:
Երէցները, ընդհանուր խմբապետ՝ եղբ. Համբիկ Սեմերճեանի, փոխխմբապետ՝ եղբ. Ժիրօ Աունի գլխաւորութեամբ:
Սկաուտական շարժումի ընդհանուր խմբապետ՝ եղբ. Կարեն Պասմաճեանը:
Լիբանանի, Հայաստանի, ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, Սկաուտ Կարօ Թաշճեան ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի սկաուտական շարժումի անունով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն:
Քառավել Գարմէն Քոթահալեան արաբերէնով խօսք առաւ, շնորհակալութիւն յայտնեց Ռաս էլ Մեթնի քաղաքապետութեան, բանակավայրը սիրայօժար տրամադրելու համար:
ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի Գործադիր Մարմինի ատենապետ տօքթ Վարուժան Մարկոսեան դիտել տուաւ, որ բանակումը կարեւոր հանգրուան մըն է թիթեռական, արծուիկական, գայլիկական,սկաուտական, արենուշական, քառավելական եւ երէցական խումբերուն համար, որոնք իրենց խմբապետական կազմերու առաջնորդութեամբ գործի դրին տարուան ընթացքին սորված գիտելիքները:
ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան իր խօսքին մէջ ընդգծեց, թէ հայեցի դաստիարակութիւնը եղած է ու կը մնայ ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի սկաուտական շարժումին նշանաբանը, աւելցնելով, որ տարուան մը գործունէութեան ամենայիշատակելի պահն է խարուկահանդէսը:
Վիգէն Չերչեան, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անունով շնորհաւորեց ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի ժրաջան յանձնախումբերը, նուիրեալ միութենականները, ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի Գործադիր Մարմինը, սկաուտական շարժումը, անոր ընդհանուր խմբապետը, , մնացեալ բոլոր խմբապետ-խմբապետուհիները, խմբապետական կազմի անդամները, սկաուտական Ծնողաց Վարչութիւնը, սկաուտական վարչութիւնը, որոնց հոգատարութեան եւ անսակարկ զօրակցութեան տակ ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւան կը ծաւալէ գնահատելի աշխատանք: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանին, բանակավայր այցելութեան համար, ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովին եւ SGBL դրամատան տնօրէնութեան: Ատենապետը իր խօսքը փակեց մաղթելով դառնալ մէկ սիրտ եւ մէկ հոգի, դէպի նորանոր յաղթանակներ:
ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենադպիր Յակոբ Թելվիզեան, ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի Գործադիր Մարմինի ատենապետ տոքթ. Վարուժան Մարկոսեան, եւ Քոմիսէր Փերուզ Թիւթիւնճեան հրաւիրուեցան վարելու խարոյկը:
Հոգեպարար այս արարողութեան միջոցին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւան սկաուտական շարժումը տարեկան բանակումին առիթով ընտրած էր «Դէպի Ու՞ր» բնաբանը: Նաւու տեսքով պատրաստուած, ՀԵԸ-ի դրօշին կարմիր եւ կապոյտ գոյները ցոլացնող կայմը իր նաւավարով եւ նաւաստիներով պիտի թիաւարէր դէպի նոր մարտահրաւէրներ: Դէպի Ու՞ր, կը խորհրդանշէ ալիքներու ընդմէջէն թիաւարող նաւը, որուն նաւապետը եւ նաւաստիները անկոտրում կամքով կը յաղթահարեն բոլոր դժուարութիւները եւ ապահով տեղ կը հասցնեն նաւն ու անոր ճամբորդները:
Միտք բանին այս բնաբանին, կեանքի դժուարութիւնները հաւաքական կամքով յաղթահարելու կոչ մըն էր, ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի սկաուտական շարժումէն:
ՀԲԸՄ- ՀԵԸ-ի դրօշներով զարդարուած նաւը թիաւարեց տարբեր երկիրներ, ծանօթացնելով անոնց մշակոյթը: Նաւը հերթաբար այցելեց Արժանթին, Եգիպտոս, Հնդկաստան, Անգլիա, Հաուայեան կղզիներ, Հայաստան, Չինաստան, ծանօթանալով աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ գործող սկաուտական շարժումներուն, տուեալ երկիրներու մշակոյթին: Այս միջոցին, ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի սկաուտներ ներկայացուցին տուեալ երկիրներու մշակոյթը արտայայտող պարեր:
Ներկաները միաժամանակ մեծ պաստառի վրայ հետեւեցան ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի անցնող սկաուտական եղանակի կարեւոր գործունէութիւնները խտացնող տեսաերիզ մը: Ծովագնացութեան աւարտին, նաւը վերադարձաւ Լիբանան:
Խանդավառ այս մթնոլորտին մէջ տեղի ունեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ: ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի Գործադիր Մարմինը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն միութենականներուն, հաստատութիւններուն եւ անհատներուն որոնք զանազան միջոցներով սատարած էին բանակումին յաջողութեան:
Խարուկահանդէսին փակումը կատարուեցաւ խմբային՝ «Ցտեսութեան Երգ»ով:
Գնահատելի աշխատանք:
ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ