ՀՕՄ-ի 6րդ Միջազգային Նաւապտոյտը Կը Հասնի իր Աւարտին

ՀՕՄ-ի 6րդ Նաւապտոյտը, դէպի Եւրոպայի տարբեր երկիրներն ու Ռուսաստանի նաւապտոյտին 280 մասնակիցները վերադարձան իրենց տները՝ խանդավառ յուշերով։ Նաւապտոյտը սկիզբ առաւ Յուլիս 22ին, Սթոքհոլմէն եւ 2 շաբթուան ընթացքին այցելեց       7 երկիրներ։

Նաւագնացութեան առաջին օրը, ճամբորդները առիթը ունեցան հանդիպելու Շուէտի միաւորի ՀՕՄուհիներուն, որոնք յատուկ շրջագայութիւն մը կազմակերպած էին դէպի Թագաւորական Պալատ, Հայկական եկեղեցի եւ Հայ Կեդրոնը։ Մասնակից անդամներն    ու ճամբորդները ծանօթացան իրարու փոխանակելով իրենց գաղութներուն առօրեայ լուրերն ու աշխատանքները։

 Յետոյ, նաւապտոյտը ճամբայ ելաւ Ստոքհոլմէն դէպի Ֆինլանդա եւ իր գագաթնակէտին՝ Սանգտ-Պետերսբուրգ, Ռուսաստան։ Նաագնացները, երեք օրերու ընթացքին, շրջեցան քաղաքէն ներս, այցելելով պալատներ, տաճառները ու թանգարաններ։ Այցելեցին նաեւ հայոց Սբ. Կատարինէ եկեղեցին, ուր, Արքեպիսկոպոս Եզրաս Ներսէսեանի խնդրանքով, Նաւապտոյտի հիւրը երգեց Կոմիտասի Հորովելը։

Նաւապտոյտին ընթացքին Հ.Օ.Մ.-ի կողմէ կազմակերպուած էին զանազան ձեռնարկներ   եւ ելոյթներ: Հայկանան խրախճանքներուն ընթացքին Էլի Պերպերեաի եւ իր նուագախումբը, առանց դադարի խանդավառ պահեց իր ուկընդիրներ իր ներկայացուցած երաժշտութեան որակով եւ այլազանութեամբ։ Միաժամանակ, ՀՕՄ-ի Օրուայ առիթով կազմակերպուած հանդիսութեան ընթացքին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ՝ ըկհ. Սօնիա Աքէլեան հանդիսականներուն ներկայացուց Հայ Օգնութեան Միութեան գործունէութիւնն ու աշխատանքները, որմէ ետք ներկաներուն առիթը տրուեցաւ իրար ծանօթացման ու ապագայ ծրագիրներու հաղորդակցութեան եւ համադրման։ Շրջագայութիւններու ընթացքին, մասնակիցները առիթը ունեցան այցելելու Էսթոնիա, Լատվիա, Լիթուանիա եւ Դանիմարքայի տարբեր քաղաքները, որմէ ետք նաւապտոյտը հասաւ իր աւարտին Քոփէնհակընի մէջ:

ՀՕՄ-ի 6րդ Միջազգային նաւապտոյտին աւարտին՝ մասնակիցները, ցրուելէ առաջ, արդէն կ՚ուզէին իմանալ յաջորդ նաւապտոյտին թուականը։ «Երախտապարտ ենք բոլո՛ր անոնց, որոնք իրենց ամառնային արձակուրդը որոշեցին անցնել ՀՕՄ-ի հետ» ըսաւ ընկհ. Շաքէ Պասմաճեան, նախկին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ Նաւապտոյտի Յանձնախումբի ատենապետուհի։ «Իրենց մասնակցութեամբ, կարելի եղաւ զօրավիգ կանգնիլ իրենց սիրեցեալ Միութեան եւ միաժամանակ անմոռնալի յիշատակներ ստեղծել» նշեց ընկհ. Պասմաճմեան։

Յաջորդ Նաւապտոյտի մանրամասնութիւնները շուտով կը հաղորդուին հանրութեան։ Գիտակից մնալու համար՝ բաժանորդագրուեցէ՛ք ՀՕՄ-ի Լրատուին, հետեւեալ հասցէով.-http://ars1910.org/newsletter-sign-up/.

Scroll Up