Տեն Պիլզերեան Եւ Անոր Եղբայրը ՀՀ Քաղաքացիութիւն Ստացած են

Հայ միլիոնատէր, «Փոկերու արքայ» Տէն Պիլզերեան ՀՀ քաղաքացիութիւն ստացած է, այս մասին Facebook-ի իր էջին մէջ գրած է ՀՀ ոստիկանութեան անձնագրային եւ վիզաներու վարչութեան պետ Մնացական Պիչախչեանը:
«Տեն եւ Ատըմ Պիլզերեան եղբայրները ՀՀ քաղաքացիութիւն ստանալու առիթով երդման արարողութեան մասնակցելու ատեն», – գրած է ան եւ հրապարակած համապատասխան լուսանկարը:
Ան յայտնած է նաեւ, որ Տեն Պիլզերեանի հայրը` Փոլ Պիլզերեանը, քանի մը տարի առաջ ՀՀ քաղաքացիութիւն ստացած է: